ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան առընթեր հարկային պետական ծառայութեան պետի տեղակալ Արթուր Յարութիւնեանի համաձայն, նախնական տուեալներով, երկրի պետական պիւտճէ ներդրուած հարկային եկամուտները, տուրքերը եւ հասարակական ապահովութեան պարտադիր վճարումները 2012ի Յունուարին կազմած են 1 միլիառ 472 միլիոն դրամ։ Այս գումարը նախատեսուած 1 միլիառ 440 միլիոն դրամ ցուցանիշը գերազանցած է 2.2 տոկոսով, իսկ նախորդ տարուան նոյն ցուցանիշը՝ 8.6 տոկոսով:
«Հաւաքագրուած գումարից հարկային եկամուտների եւ պետական տուրքի մասով պետական պիւտճէ է մուտքագրուել 1 միլիառ 158 միլիոն դրամ՝ 1 միլիառ 131 միլիոն դրամ պլանային առաջադրանքի դիմաց կամ պլանաւորուած ցուցանիշը գերազանցելով 2.5 տոկոսով, իսկ նախորդ տարուայ նոյն ցուցանիշը՝ 8 տոկոսով», ըսաւ Ա. Յարութիւնեան, ըստ որուն՝ հասարակական ապահովութեան պարտադիր վճարումներուն գծով տուեալ ժամանակաշրջանին հաւաքուած է շուրջ 313.3 միլիոն դրամ՝ նախատեսուածը գերազանցելով 4.3 միլիոն դրամով կամ 1.4 տոկոսով, իսկ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին ցուցանիշը՝ շուրջ 30.5 միլիոն դրամով կամ 10.8 տոկոսով։
Բաւարար գնահատելով նախորդ ամսուան ընթացքին կատարուած աշխատանքը՝ Յարութիւնեան նշեց, որ յաջորդ ամիսներուն աշխատանքը նոյն արդիւնաւէտութեամբ պիտի շարունակուի: