ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան առընթեր հարկային պետական ծառայութեան պետի տեղակալ Արթուր Յարութիւնեան յայտնած է, որ նախորդ տարի Արցախի մէջ ամէնէն աւելի հարկ վճարած տնտեսական ընկերութիւններուն ցանկը կը գլխաւորէ Դրմբոն շրջանի «Պէյս Մեթըլզ» հանքահումքային ընկերութիւնը:
Ըստ Յարութիւնեանի, ընկերութեան կողմէ 2011ին ընդհանուր առմամբ պետական պիւտճէին վճարուած է 4 միլիառ 212 միլիոն 125 հազար դրամ՝ իբրեւ տուրք եւ պարտադիր այլ վճարումներ։
«Պէյս Մեթըլզ»ին կը յաջորդեն «Ղարաբաղ Թելեքոմ» եւ «Արցախէներկօ» ընկերութիւնները:
Խօսելով Արցախի մէջ հարկային դաշտի վարչարարութեան մասին՝ Յարութիւնեան նշեց, որ պետական մակարդակի վրայ կը շարունակուի ճիգն ու քաղաքականութիւնը՝ այս մարզին մէջ բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու նպատակով: «Մեզ համար սկզբունքային հարց է, որպէսզի Արցախում ՀՊ ծառայութեան գործունէութիւնը ոչ թէ խանգարի տնտեսվարող սուբյեկտների աշխատանքին, այլեւ, բացառելով ստուերը՝ նպաստի դրանց զարգացմանը», ըսաւ Ա. Յարութիւնեան: