
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Փետրուար 12ին, կ.ե. ժամը 1ին, Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք տեղի պիտի ունենայ յայտնի ճարտարապետ եւ հայկական ճարտարապետութեան մասնագէտ Սարգիս Պալմանուկեանի բանախօսական ձեռնարկը, ուր ան պիտի ներկայացնէ տեսողական ճանապարհորդութիւն մը՝ հայ ճարտարապետական սքանչելիքներուն եւ հայկական եկեղեցիներուն ինքնատիպ յատկութեանց նուիրուած:
Սարգիս Պալմանուկեան ծնած է Հալէպ եւ շրջանաւարտ է Երեւանի «Փոլիթեխնիք» համալսա-րանէն: Ան տարբեր երկիրներու մէջ աշխատած է բազմաթիւ ճարտարապետական ընկերութեանց մէջ: Վերջին 30 տարիներուն ան գծած է հասարակական կեդրոններու, եկեղեցիներու, խորաններու, ճաշարաններու, բնակելի շէնքերու յատակագիծերը՝ Սուրիոյ, Կիպրոսի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Իր մասնագիտական աշխատանքին առընթեր, ան հայ արուեստ, հայ մշակոյթ եւ հայ ճարտարապետութիւն դասաւանդած է Լոս Անճելըսի դպրոցներուն եւ համալսարաններուն մէջ: Հրապարակային դասախօսութիւններով ան հանդէս եկած է Քալիֆորնիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ:
Սարգիս Պալմանուկեան շահած է առաջին մրցանակը Տէր Զօրի մէջ արդէն իսկ այսօր իրականութիւն դարձած Եղեռնի յուշարձան-համալիրի մրցանքին: Հալէպի Հայ կաթողիկէ համայնքին եկեղեցւոյ նախագիծն ալ իր վաստակին կը պատկանի, ինչպէս նաեւ՝ Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակը գտնուող Յուշապատը՝ նուիրուած Եղեռնին ու վերածնունդին, եւ նոյն եկեղեցւոյ զոյգ խորանները: Անոր ամենանոր աշխատանքը Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ներքին ձեւաւորումն էր:
Փետրուար 12ի ձեռնարկին հովանաւորողներն են տէր եւ տիկին Ալպերթ եւ Ռամոնա Թաթավոսեանները:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, որ հասարակութիւնը կը հրաւիրէ ներկայ ըլլալու:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta CA 91214): Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: