
ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ, «Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր».- Ուգուր Ումութ Ունգոր Թուրքիայէն գաղթած գիտնականներու նոր սերունդի ներկայացուցիչներէն է, մէկը որ անմիջական ներգրաւուածութիւն ունի Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտական աշխատանքներուն մէջ: Հոլանտայի Ուտրեկտ համալսարանի պատմութեան բաժնի դասախօս եւ Ամսթերտամի Հոլոքոսթի (հրեաներու ողջակիզման-Խմբ.) եւ ցեղասպանութիւններու հետազօտութեան կեդրոնի գիտաշխատող Ունգորի հիմնական հետաքրքրութիւնը զանգուածային բռնութեան պատմական ընկերաբանութիւնն է:
Ունգոր Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր առնչուող խնդիրներու մասին 3 գիրք հրատարակած է: Ան Հայոց Ցեղասպանութեամբ հետաքրքրուած է Հոլոքոսթի մասին Եհուդ Պաուըրի աշխատութեան ընթերցումէն ետք: Պաուըր զուգահեռներ անցուցած է ցեղասպանութիւններու միջեւ՝ յիշատակելով նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: «Ես նախապէս երբեք չէի լսած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Երբ կարդացի այդ մասին ուղղակի ցնցուեցայ: Հետազօտութիւններուս ընթացքին զարմացած էի, որ Թուրքիոյ մէջ կը ժխտեն պատմական իրողութիւնը, որ կը հակասէր Արեւելեան Թուրքիոյ սովորական բնակիչներուն՝ Ցեղասպանութեան մասին իմացածին: Ես այցելած եմ Արեւելեան Թուրքիա եւ շատ հարցազրոյցներ ունեցած եմ ծերերու հետ, որոնք բացէիբաց կը պատմէին հայերու ջարդերու մասին», կը վկայէ Ունգոր:
2007ին Ունգոր հրատարակած է իր առաջին գիրքը, ուր տեղ գտած է Հայոց Ցեղասպանութեան ամբողջական նկարագրութիւնը: Այնտեղ ան կատարած է նաեւ ինքնութեան հակամարտութեան ընկերաբանական վերլուծում: The Armenian Mirror-Spectator կը մէջբերէ Ունգորի թուրք-հայկական հակամարտութեան վերլուծութիւններուն մէջ կատարած ընդգծումները, ուր կ՛ըսուի, որ «Հայաստան կ՛ուզէ յիշել պատմութիւն մը, զոր Թուրքիան պարզապէս կ՛ուզէ մոռնալ»:
Աւելի ուշ Ունգոր հրապարակած է իր դոկտորական ատենախօսութիւնը՝ «Ժամանակակից Թուրքիոյ կայացումը. Արեւելեան Անատոլիա՝ ազգ եւ պետութիւն» խորագիրով:
Իր վերջին հատորը կը կոչուի «Բռնագրաւում եւ ոչնչացում», որ ուսումնասիրութիւն մըն է, թէ ինչպէս թրքական տնտեսական ազգայնականութիւնը յանգած է հայերու հարստութեան եւ գոյքի առգրաւման: Թուրքերու եւ քիւրտերու արձագանգները գիրքի վերաբերեալ եղած են հակասական: Հայերը ողջունած են Ունգորի աշխատանքը եւ աջակցած անոր հետազօտութիւններուն:
«Գիրքերս ներկայիս կը թարգմանուին թրքերէն: Ես կ՛ընդլայնեմ մտաւոր հորիզոնս: Պարզեցի Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ հետազօտելով Հոլոքոսթը: Ներկայիս կը գրեմ զանգուածային սպանութիւններու մասին հատոր մը», ամփոփած է Ունգոր:
Երիտասարդ դասախօսը այցելած է Երեւան եւ եղած է Մեծ Եղեռնի զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: