ԱՆԳԱՐԱ, «Սի.Էն.Էն.», «Մարմարա».- Ուրբաթ, Փետրուար 10ին, Թուրքիոյ կիսապաշտօնական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ իշխանութիւնները ձերբակալութեան վճիռ արձակած են երկրի ազգային հետախուզական կազմակերպութեան՝ «Մի»չի նախորդ պետին՝ Էմրէ Թաների, անոր օգնականին եւ երկու այլ պաշտօնատարներու դէմ՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ անոնց կապերուն պատճառով:
Յայտնենք, թէ «Մի»չի ներկայ եւ նախորդ պետերը հարցաքննութեան կանչուած էին Հինգշաբթի օր, սակայն ներկայ տնօրէնը՝ Հաքան Ֆիտան, դատարան երթալու ու դատախազին վկայութիւններ տալու փոխարէն, նոյն ժամերուն նախագահական պալատ գնաց ու մօտաւորապէս 1.5 ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ։ Աւելի կանուխ, հարցաքննութեան կանչուած ղեկավարները պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ բողոքեցին դատախազութեան որոշումին դէմ։
Մեղադրանքներուն մէջ կը նշուի, որ գաղտնի սպասարկութեան պետերը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան միջոցներուն հետ համաձայնութիւններ գոյացուցած են՝ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանը ազատ արձակելու հարցին շուրջ, նաեւ՝ գաղտնի սպասարկութեան յանձնարարականով, խափանուած են ապահովութեան ուժերու կողմէ քիւրտ անջատողականներուն դէմ ծրագրուած կարգ մը գործողութիւններ։