
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ իրաւաբաններու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Փետրուար 23ին կայանալիք ընթրիքի մը ընթացքին պիտի մեծարէ հայասէր քոնկրեսական Էտըմ Շիֆն ու Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, նախկին քաղաքապետ Ռաֆֆի Մանուկեանը: Ձեռնարկին հանդիսավարն է միութեան փոխնախագահ Կարօ Ղազարեանը:
2001էն ի վեր Քոնկրեսին մէջ ծառայող Էտըմ Շիֆ միշտ նեցուկ կանգնած է հայութեան, եւ քանի մը առիթներով հեղինակած է եւ Ներկայացուցիչներու տան օրակարգին հասցուցած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւեր՝ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ բանեցուղ շարունակական ճնշումներուն: Ան նախապէս եղած է Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ դաշնակցային դատախազութեան գրասենեակի դատախազ:
Ռաֆֆի Մանուկեան վկայալ հանրային հաշուապահ մըն է (Սի.Փի.Էյ.), որ վերջին տասնամեակին եղած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, իսկ 2002-2003 ու 2005-2006 տարեշրջաններուն՝ քաղաքապետ: Ան նաեւ ատենապետը եղած է քաղաքի բնակարանային հարցերու եւ վերազարգացման մարմիններուն:

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Phoenicia» ճաշարանին մէջ (343 North Central Avenue, Glendale), երեկոյեան ժամը 6:30էն 9:30: Մուտքի սակը 45 տոլար է միութեան անդամներուն համար, իսկ միւսներուն համար՝ 50 տոլար: Ուսանողներու մուտքի սակը 40 տոլար է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armenianbar.org կայքը: