
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ իրաւաբաններու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարի եւս կրթանպաստներ պիտի տրամադրէ իրաւաբանութեան մարզի հայ ուսանողներուն՝ յաջորդական 7րդ տարին ըլլալով:
Միութիւնը սկսած է կրթանպաստի դիմումնագիրները ընդունիլ՝ յիշեցնելով, թէ կրթանպաստներ կրնան ստանալ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի կամ այլ երկիրներու մէջ իրաւաբանական համալսարաններ յաճախող կամ ընդունուած հայ ուսանողներ, որոնք բարձր նիշեր ապահոված են եւ հայ համայնքէն ներս կամաւոր գործունէութիւն մշակած են:
Դիմումնագիրները պէտք է ներկայացուին մինչեւ Ապրիլ 30: Կրթանպաստի մանրամասնութիւններուն համար, այցելել Հայ իրաւաբաններու միութեան համացանցային կայքը (www.armenianbar.org):
Հայ իրաւաբաններու միութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, թէ իր տարեկան 23րդ ժողովը պիտի գումարէ Մայիս 17-19ի միջեւ, Կլենտէյլի մէջ: Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար, այցելել www.armenianbar.org կայքը: