
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան եւ Համազգային Մշակութային Միութեան Կլենտէյլի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, Փետրուար 18ին, երեկոյեան ժամ 6ին տեղի պիտի ունենայ գրական երեկոյ մը: Հեղինակային ելոյթ պիտի ունենայ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս, հանրածանօթ բանաստեղծ փրոֆ. Արտեմ Յարութիւնեան, իր նոր ստեղծագործութիւններու, ինչպէս նաեւ ստեղծագործական ընթացքի մէջ եղող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անմահ հիմնադիր Արամ Մանուկեանի նուիրուած երկարաշունչ բանաստեղծութենէն հատուածներու ընթերցումներով: Բանաստեղծին գրական գործերու արժեւորում պիտի կատարեն Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըս մասնաճիւղի հայագիտական «Նարեկացի» ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Փիթըր Քաուի եւ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան նախագահ, բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 W. Chestnut St., Glendale, CA 91204, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքը): Տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: Մուտքը ազատ է: