ՀՌՈՄ.– Փետրուար 7-12 աշխատանքային այցելութեամբ Իտալիա մեկնած Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Վատիկանի մէջ տեսակցութիւն ունեցաւ Հռոմի Պենետիքթոս ԺԶ. պապին հետ:
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեանի եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի հիմնադիր նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի ընկերակցութեամբ, նախարար Հ. Յակոբեան այցելեց Հռոմի Լեւոնեան հայկական վարժարան, ուր հանդիպեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, «Ռատիօ Վատիկան»ի հայերէն հաղորդումներու անձնակազմին, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներու ու վարժարանի սաներու հետ:
Ողջունելով ներկաները՝ նախարար Հ. Յակոբեան անդրադարձաւ այցելութեան ծրագիրին. ան յիշեց Փետրուար 10-11ը Տրիեստի մէջ կազմակերպուելիք հայկական օրերը, 11 Փետրուարին կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած միջազգային գիտական համաժողովը, որուն պիտի մասնակցին թուրք, արաբ, ֆրանսացի, հայ, իտալացի գիտնականներ, ինչպէս նաեւ Տրիեստի եւ Հայաստանէն ժամանած գործարարներու մասնակցութեամբ կայանալիք հանդիպումը։