ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը որոշած է Թուրքիոյ յոյն համայնքին վերադարձնել Ղալաթիոյ մէջ գտնուող այն շէնքը, որ կը պատկանէր յունական նախակրթարանի մը։ Յունական նախակրթարանի հիմնարկը տնօրէնութեան ներկայացուցած էր փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայէին, թէ շէնքը կը պատկանէր իրենց։ Վագըֆներու տնօրէնութիւնը, այս փաստաթուղթերը քննելէ ետք, վագըֆներու օրէնքին վրայ Օգոստոս 28, 2011ին աւելցուած 11րդ յօդուածին համաձայն՝ որոշեց շէնքը վերադարձնել իր իսկական տիրոջ։
Յունաց Ղալաթիոյ նախակրթարանը 1974ին գրաւուած էր պետութեան կողմէ։ Յունական հիմնարկի վարիչները յայտնեցին, թէ շէնքը վերադարձնելու գործողութիւնը կրնայ աւարտիլ երկու ամիսէն: Կը նշուի, որ յունական նախակրթարանը առաջին փոքրամասնական հաստատութիւնն էր, որ դիմում կատարած էր կալուած մը ետ պահանջելու համար։ Այնուհետեւ նման դիմումներ կատարած են փոքրամասնական 13 հիմնարկներ։