ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Գերմանական Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութիւն եւ Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն քոյր կուսակցութիւններու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդարանական աշխատանքային խմբակը հրապարակած է զեկուցում մը, որուն մէջ Գերմանիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղուի՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին մէջ Ֆրանսան՝ Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու ջանքեր գործադրելու։
Աշխատանքային խմբակը իր կեցուածքը արտայայտող եւ «Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ 20 տարիներու հակամարտութիւն՝ տագնապի խաղաղ լուծման համար նոր մղում» խորագրեալ փաստաթուղթին մէջ կը նշէ, որ «այսօր ատրպեճանական հողամասերու 20 առ հարիւրը հայերու վերահսկողութեան տակ է», եւ Լեռնային Ղարաբաղի «բռնագրաւումը» կը նկատէ միջազգային օրէնքի խախտում մը։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ղեկավարած Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութիւն կուսակցութեան եւ անոր քոյր կազմակերպութեան՝ Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութեան, աշխատանքային խմբակի անդամները Գերմանիոյ դաշնակցային կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեն՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնելու՝ ԵԱՀԿի, ՆԱԹՕի եւ ՄԱԿի մէջ մեր գործընկերներուն հետ միատեղ»։
Խմբակը «կը պահանջէ տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Եւրոպական Միութեան աւելի ուժեղ դերակատարութիւն մը տալ, Մինսկի խմբակին մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու ուղղութեամբ աշխատանք տանիլ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութիւնը օժտել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ յատուկ ներկայացուցիչով, որ ունենայ տագնապի կողմերուն միջեւ միջնորդութիւն կատարելու յստակ լիազօրութիւն»։
Անիկա նաեւ կոչ կ՛ուղղէ՝ «Եւրոպական Միութեան թեկնածու Թուրքիան մղելու Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, որովհետեւ այդ մէկը պիտի արտօնէ, որ ռուսական ուժերը հեռանան Հայաստանէն եւ այդպիսով՝ անիկա առանցքային ներդրում ունենայ որոշ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին Հարաւային Կովկասի մէջ զինարշաւը նուազեցնելու աշխատանքին»։
Խմբակը Գերմանիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ նաեւ՝ «աջակցելու Թուրքիոյ, որպէսզի տագնապի լուծման մէջ աւելի շինիչ դերակատարութիւն ունենայ եւ շրջանին մէջ իր պատասխանատուութիւնը արդարացնէ»։