
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Արայիկ Յովհաննիսեան Փետրուար 12ի Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւնները բնական նկատեց: Ըստ անոր, անոնք կայացած են առանց որեւէ հարցի: «Այս ընտրութիւնների արդիւնքները մեզ համար լաւ հիմք են, այնպիսի յաջողութիւններ կարող ենք նաեւ արձանագրել յառաջիկայ ԱԺ ընտրութիւններին», ըսաւ ՀՀԿ պատգամաւորը Փետրուար 14ին կայացած մամուլի ասուլիսին ընթացքին։ Անոր համաձայն, արձանագրուած արդիւնքները խօսուն փաստեր են. ՏԻՄի ընտրութիւններու յաղթողներուն մօտ 82 առ հարիւրը Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ է: Նման արդիւնքներ արձանագրուած են նաեւ նախորդ ընտրութիւններուն, որ, ըստ Յովհաննիսեանի՝ ցուցանիշ է ՀՀԿի յաջողութեան:
Միւս կողմէ, մամլոյ ասուլիսի երկրորդ բանախօսը՝ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան, յայտնեց, որ եթէ ՏԻՄ ընտրութիւններուն Հանրապետականը արձանագրած է 80 եւ աւելի տոկոս յաջողութիւն, այդ մէկը եղած է «քաղաքական մեծամասնութեան ադմինիստրատիւ ռեսուրսը (վարչական աղբիւրներ Խմբ.)» օգտագործելով: Անոր համաձայն, ՀՀԿն միակ քաղաքական ուժը չէ, որուն յոյս կը կապէ հայ ժողովուրդը:
Ա. Յովհաննիսեան առաջարկեց չշահարկել ընտրութիւններու արդիւնքներուն թիւերը, քանի որ անոնք մէկ անգամէն չեն ծնիր. ՀՀԿ ներկայացուցիչները ամէն տեղ կը պայքարին եւ կը ստանան բնակչութեան վստահութեան քուէն:
Սակայն, ըստ Լ. Գալստեանի, Հայաստանի մէջ ստեղծուած բարոյահոգեբանական մթնոլորտը, հասարակական ծանր վիճակը եւ քաղաքական իրադրութիւնը կը նպաստեն, որ մեր երկրին մէջ ազատ քաղաքացի չըլլայ: Եւ եթէ ՀՀԿն վստահ է իր ստացած քուէներուն իսկութենէն ու զօրութենէն, ուրեմն ՀՅԴի ներկայացուցիչը կ՛առաջարկէ այդ հիման վրայ դրսեւորել քաղաքական կամք եւ Մայիսին կայացնել լրիւ համամասնական ընտրութիւններ:
Այս մէկուն իբրեւ պատասխան ՀՀԿ ներկայացուցիչը նշեց, որ ընտրութեան ձեւը կարեւոր չէ՝ համամասնակա՞ն, թէ մեծամասնական: Կարեւոր են ներկայացուած ծրագիրներն ու մթնոլորտը եւ այն, թէ ինչպիսի՛ ընտրութիւն կը կատարուի: Անոր համաձայն, Փետրուար 12ի ՏԻՄ ընտրութիւնները կ՛ապացուցեն ՀՀԿի, ինչպէս նաեւ Սերժ Սարգսեանի այն յայտարարութիւնները, թէ ընտրութիւնները պիտի կայանան բարձր մակարդակով: Կան խնդիրներ, բայց անոնք կը լուծուին: Ա. Յովհաննիսեան համոզուած է, որ առկայ վիճակը պիտի բարելաւուի:
Լ. Գալստեան հակադարձեց, որ եթէ ժողովուրդը 80 եւ աւելի տոկոսով կը վստահի ՀՀԿին, այսինքն՝ իշխող քաղաքական ուժին, ապա ինչո՞ւ ամէն տարի երկրէն կ՛արտագաղթէ պաշտօնական տուեալներով 50,000 մարդ: Անընդհատ կը խօսուի վարքի յանձաժողովի ստեղծման մասին, սահմանադրական իրաւունքերու մասին, ՀՀԿ կը դառնայ ԵԺԿի (Եւրոպայի Ժողովրդավարա-կան Կուսակցութիւն-Խմբ.) անդամ, այնուհետեւ «Հանրապետական»ի ներկայացուցիչները Ազգային ժողովին մէջ կը քուէարկեն իրարու փոխարէն: Լ. Գալստեան նշեց, որ փաստօրէն այդ համոզումով ու բարոյականութեամբ է, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը ընտրութիւններ կատարեց ու կը պատրաստուի կատարելու։
Ան աւելցուց, որ այսօր հայ մարդը Հայաստանի մէջ արժէք չունի եւ կը լքէ երկիրը: Հիմա երեւանցիները կը պայքարին կանաչ տարածքի պահպանման համար, որպէսզի հանրային զբօսայգին տօնավաճառի չվերածուի։ Ան հաստատեց, որ 90ականներու «գաւառական տօնավաճառի մտածողութենէն» ու «սեղանիկի հոգեբանութենէն» այն կողմ ոչինչ փոխուած է:
Լ. Գալստեանի համաձայն, արժէքներու յեղափոխութեան, քաղաքակրթութեան համար պայքարի խնդիր կայ. պէտք է արթնցնել այն քաղաքացին, որ արժանապատուութիւն ունի: «Ես անընդհատ ինձ հարց եմ տալիս՝ ո՞նց կարողացանք անկախ երկրում էսքա՛ն ստրուկ եւ ծառայ բուծանել», աւելցուց Լ. Գալստեան: