
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով Փետրուար 14ին ընդունեց Ռիխարտ Քիսլերը եւ Գնութ Թեսգէն, որոնք գերմանական նշանաւոր թերթերու յօդուածներ տուող եւ համացանցային քննարկումներ կատարող գերմանացի լրագրողներ են:
Անոնք Հայաստան եկած են ծանօթանալու Արցախի հիմնահարցի լուծման առնչութեամբ հայկական կողմի դիրքորոշման, խնդիրի պատճառներուն եւ անոնց լուծման հաւանական տարբերակներուն, երկրի հասարակական-տնտեսական եւ քաղաքական իրավիճակին:
Լրագրողները նախորդ տարի այցելած են Ատրպէյճան. երէկ հասան Հայաստան, իսկ այսօր պիտի մեկնին Լեռնային Ղարաբաղ՝ ամբողջական պատկերացում կազմելու իրավիճակին մասին: Անոնց համաձայն, Եւրոպայի համար այս տարածաշրջանը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, իսկ առկայ խնդիրները վտանգաւոր կրնան ըլլալ անոր համար։
Էդուարդ Շարմազանով ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ որդեգրուած ցեղապաշտական քաղաքականութիւնը, հայ զինուորներուն եւ խաղաղ բնակիչներուն նկատմամբ ոտնձգութիւնները, Ղարաբաղը բռնի կերպով Ատրպէյճանին կցելու պատմութիւնը, Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք հանրաքուէով միջազգայնօրէն ընդունուած ինքնորոշման սկզբունքի հիման վրայ ձեռք բերուած անկախութիւնը եւ երկրի ժողովրդավարացման ընթացքը:
«Իրաւական առումով Ղարաբաղը ունի միջազգայնօրէն ճանաչուելու բոլոր հիմքերը: Ղարաբաղը նուաճել է իր անկախութիւնը: Ոչ թէ Ատրպէյճանը պէտք է ճանաչի Ղարաբաղի անկախութիւնը, այլ՝ միջազգային հանրութիւնը, ինչը արել է մի շարք դէպքերում», նշեց Է. Շարմազանով:
Ղարաբաղեան տագնապին կրօնական հիմքեր տալու ատրպեճանական կեղծ ու անհիմն մեկնաբանութիւնները հերքեց ու ժխտեց Շարմազանով՝ հաստատելով, որ Հայաստանը իսլամական բազմաթիւ երկիրներու հետ ոչ միայն բարեկամական յարաբերութիւններ ունի, այլեւ նման երկիրներուն մէջ առկայ հայկական գաղթօճախներու մէջ հայերը սերտօրէն կը համագործակցին եւ ընդելուզուած են այդ երկիրներու քաղաքացիական հասարակութեան հետ:
Ազգային ժողովի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն, հանդիպումին ընթացքին նաեւ քննարկուած են հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, Հայոց Ցեղասպանութեան ու անոր ճանաչման առնչուող հարցեր: