ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ազգ».- Ամերիկայի Հայ եկեղեցւոյ արեւելեան թեմէն փոխանցուած տեղեկութիւններու համաձայն, հրապարակի վրայ է Հայ եկեղեցւոյ այնպիսի ելեկտրոնային գիրք մը, որ առաջին անգամ ըլլալով նախագծուած է iPad համակարգիչներու համար: Թուային այս հրատարակութեան մէջ ամփոփուած է Յակոբ Ներսոյեանի «Սուրբ Վարդանանց Պատմութիւնը»՝ «ինթըրակտիւ» հերոսներու, տեսանիւթերու, լուսանկարներու, ձայնագրութիւններու եւ այլ արտայայտչամիջոցներով մատուցուած: Արդէն կարելի պիտի ըլլայ համակարգիչով «թերթատել» պատմական քարտէսները եւ լսել հերոսներուն խօսքը: Գիրքը կարելի է բեռնել iBookstore ելեկտրոնային խանութէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.