
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երաժշտագէտ Եաշար Քուրթ 40 տարեկանին յանկարծ իմացեր է, որ ինք հայ է եւ ասիկա խորապէս ցնցեր է ոչ միայն զինք, այլ նաեւ իր ազգականներն ու զինքը շրջապատող բարեկամները։
«Ա. Հապէր» կայանի յայտագիրին մէջ հարցումներու պատասխանելով՝ Եաշար Քուրթ պատմեց, թէ ինչպիսի՛ ապրումներ ունեցած էր երբ իմացած էր ու շուրջիններուն ալ սկսած էր յայտնել, թէ ինք հայկական ծագում ունի։
Քուրթին ազգականները, որոնք ազգայնապաշտ ու կրօնասէր մարդիկ դարձած էին, ցնցուած ու հարցուցած են. «Մենք Մահմետական չե՞նք»։
Քուրթ սապէս խօսեցաւ.
«Երբ քառասուն տարեկանիս իմացայ, որ ես հայ էի, գլուխս խանգարուեցաւ։ Ինչո՞ւ ես չէի գիտեր ըսի, զայրացա՛յ։ Անկէ վերջ սկսայ մտածել մարդկային տեսանկիւնէ։ Երբ խոստովանեցայ որ հայ էի, երէց սերունդի մարդիկը որեւէ հակազդեցութիւն ցոյց չտուին, բայց երիտասարդները ինծի նման քիչ մը շուարեցան, տատանեցան։ Անոնցմէ ոմանք ազգայնապաշտ էին ու սկսան հարց տալ, թէ յանկարծ ի՞նչ պատահեցաւ։ Անոնցմէ ոմանք ալ նեղ կացութեան մատնուեցան իմանալով, որ իրենց ընտանիքին մէջ ալ կային հայեր։ Ասիկա վէրք մը կը բանար մեզմէ շատերուն սրտին մէջ, բայց կը մտածեմ, որ այսպիսի վէրքեր օգտակար են։ Պէտք է ընդունիլ, որ պէտք է ապրիլ առանց իյնալու ազգայնապաշտութեան ծուղակներուն մէջ։ Քոյրս անհանգստացած էր. «Իմ տղաս դպրոց կ՛երթայ ու հոն ցարդ միշտ հպարտութեամբ կ՛ըսէր, որ իր մօրեղբայրը Եաշար Քուրթն է, հիմա նոյն բանը պիտի չկարենայ ըսել։ Ուստի այս նիւթին մէջ տակաւին շատ ճամբայ պէտք է կտրենք», կ՛ըսէ ան։
Եաշար Քուրթ երաժիշտ մըն է, որուն իւրաքանչիւր ձայնապնակը անգամ անցած է դատարանէն, ու բազմաթիւ արգելքներ դրուած են իր առջեւը: Իր ձայնապնակները արգիլուեցան շրջանի մշակոյթի նախարար Իսթեմիհան Թալայի հրահանգով։ Հիմա, որպէսզի իր ձայնապնակը արտօնուի, պէտք է որ դատ բանայ պետութեան դէմ, բայց ի վիճակի չէ այսպիսի խնդիրներով զբաղելու, որովհետեւ առանձին մնացած է: Ոչ մէկը զօրակից կանգնած է իրեն, բազմաթիւ հաստատութիւններ այլեւս կը խրտչին զինք հրաւիրելէ։