ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր».- Երկուշաբթի, 13 Փետրուարի երեկոյեան, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի, ԼՂՀ առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի եւ ԼՂՀ պատուիրակութեան անդամներու հանդիպումը յունահայութեան հետ, որ լեցուցած էր «Զաւարեան»ի զոյգ սրահները: Ժողովրդային հաւաքը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՌԱԿի Շրջանային վարչութեան համագործակցութեամբ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան, հայ աւետարանական համայնքի վերապատուելի Վիգէն Չօլաքեան, հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Ռափայէլ քհնյ. Շէֆիքեան եւ կրօնական դասը: Ներկայ էին Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, ՀՀ դեսպանութեան քաղաքական-մշակութային-տնտեսական հարցերու Բ. քարտուղար Լիանա Գրիգորեան, ՀՀ հիւպատոս Մարատ Մելիքեան եւ դեսպանութեան անձնակազմը:
Ներկայ էին Յունահայոց Ազգային վարչութեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի եւ ՌԱԿի Շրջանային վարչութեան անդամները, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղի ատենապետն ու անդամները, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ատենապետն ու անդամները, «Արարատ» մարզական եւ մշակութային միութեան ներկայացուցիչները, Հայ Կապոյտ Խաչի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնները, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի, ՀՅԴ կոմիտէներու եւ ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Պատանեկան Միութեան Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ խումբերու վարչական անդամները, կրթարաններու տնօրէնները, հայ-յունական առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի անդամներ եւ հայրենակիցներու մեծ թիւ մը:
Բացումը կատարեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Դաւիթ Պետրոսեան, որ ջերմօրէն ողջունեց Արցախի նախագահը, առաջնորդը եւ ընկերակցող զինուորական-քաղաքական ղեկավարութիւնը, դիտել տալով, թէ պատիւ եւ հպարտութիւն է ընդունիլ Արցախի պատուիրակութեան այցելութիւնը:
Օրուայ նախագահը ապա բեմ հրաւիրեց Արցախի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, որ իր պատգամը յղէ ժողովուրդին: Առաջնորդ սրբազանը իր հայրական օրհնութիւնը տալով ժողովուրդին, ոգեշունչ խօսքերով անդրադարձաւ արցախեան ազատագրական պայքարի առաջին օրերուն եւ ներկայի պայմաններուն: Ան նշեց, թէ ինք 19 տարիներ առաջ դարձեալ Յունաստան այցելած էր եւ յունահայ համայնքը կը համարէ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ ներհամայնքային ինչպէս եւ Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին հետ կապերու ամրապնդման ազդակ:
Ապա ժողովուրդի խանդավառ ծափողջիւններուն մէջ բեմ բարձրացաւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Արցախի կեանքին, հանրապետութեան ձեռքբերումներուն, գալիք ծրագիրներուն:
«Արցախը շահագրգռուած է ու պատրաստակամ՝ դժուարութիւնները յաղթահարելու, արցախի ժողովուրդի ապահովութիւնն ու բարօրութիւնը ապահովելու եւ երկիրը զարգացնելու», ըսաւ ԼՂՀ նախագահը, իր այս խօսքին մէջ ամփոփելով Արցախի ժողովուրդի հաստատ կամքը՝ իր երկրի պետականութիւնը ամրապնդելու եւ ժողովուրդի կեանքի պայմանները բարելաւելու իմաստով: Նախագահը իր խօսքին մէջ տուեալներու եւ թուային պատկերի փոխանցումով՝ շատ յստակ ձեւով նկարագրեց երկրէն ներս տիրող իրավիճակը:
Իր խօսքի աւարտին ժողովուրդին հետ կայացած զրոյցի ընթացքին ԼՂՀ նախագահը յաւելեալ մանրամասնեց հարցերը:
Ժողովրդային հաւաքին յաջորդեց պատուիրակութեան հիւրասիրութիւնը, Գոքինիոյ «ՀԲԸՄ-Արարատ» կեդրոնէն ներս, ուր ներկայ գտնուեցան համայնքի կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ռակի Շրջանային վարչութեան կողմէ Տիգրան Քաջիկեանը:
Զոյգ ձեռնարկներու ամբողջացումով եւ նախորդող եռօրեային ընթացքին իրագործուած այցելութիւններով եւ հանդիպումներով, աւարտեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ իրեն ընկերացող կրօնական-զինուորական-քաղաքական պատուիրակութեան առաջին այցելութիւնը Յունաստան: