ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը՝ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորութեամբ, պիտի մասնակցի «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 20ամեակը. իրողութիւններ եւ հեռանկարներ» նիւթով, ԼՂՀի հռչակման 20ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 17-18ին Ստեփանակերտի մէջ:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն պատգամաւորներ Վահէ Յակոբեան, Արամ Սաֆարեան, Գագիկ Մելիքեան, Լիլիթ Գալստեան, Կարինէ Աճէմեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ներկայացուցիչ Կարէն Թօփչեան: