ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Մինչ Երեքշաբթի, Փետրուար 14ին ամերիկեան «Էպրեհեմ Լինքըն» օդանաւակիր մը, Հորմուզի նեղուցէն անցնելով՝ Ծոցի ջուրերը մուտք կը գործէր, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդէին, որ ամերիկեան օդուժի ռազմական եւ փոխադրական օդանաւերուն՝ դէպի Ծոց թռիչքներուն թիւը զգալիօրէն աճած է, սպառազինութիւնը տեղափոխելու նպատակով:
Ըստ նոյն աղբիւրներուն՝ զէնքերը կը տեղակայուին Օմանի Մասիրա կղզիին մէջ, ուր արդէն ամերիկեան յենակէտ մը կայ։ Նշեալ կղզին կը գտնուի Հորմուզի նեղուցի հարաւարեւելքը։
Վերջերս Իսրայէլ ժամանած է ամերիկեան 10 հազարնոց զօրախումբ մը՝ հաւանաբար հակահրթիռային նոր համակարգի փորձարկման համար։
Ուաշինկթըն Քուէյթի իր ռազմակայանին մէջ ունի 15 հազար զինուոր, իսկ Քաթարի մէջ կեդրոնացուած են մեծ թիւով ռազմական օդանաւեր։
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց՝ Բրիտանիա եւ Ֆրանսա եւս օդային եւ ծովային ուժեր կը տեղափոխեն Սէուտական Արաբիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։
Միւս կողմէ, Պահրէյնի մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու 5րդ նաւատորմիղի հրամանատարութիւնը յայտարարած է, թէ Իրան եւս Ծոցին մէջ իր ուժերուն թիւը աւելցուցած է եւ սուզանաւերու կողքին՝ հոն փոխադրած է անձնասպանական գործողութիւններու նպատակով գործածուելիք ականուած նաւեր։