ՊԱՔՈՒ.- Ուրբաթ, Փետրուար 17ին Ատրպէյճանի խորհրդարանի փոխնախագահ Պահար Մուրատովա լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ Ցեղասպանութիւններու մասին օրինագիծի առնչութեամբ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի որոշումէն ետք, Պաքու ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը պիտի յայտնէ։ «Մինսկի խմբակի համանախագահներուն (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Ֆրանսա) ջանքերը քսան տարիներու ընթացքին արդիւնք չեն տուած։ Ատրպէյճան այդ առնչութեամբ արդարացի կերպով իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ։ Վերջին իրադարձութիւնները համբերութեան բաժակը լեցուցին», ըսած է ան՝ աւելցնելով, թէ Պաքու հաստատ պիտի մնայ խմբակը փոփոխութեան ենթարկելու որոշումին վրայ, «սակայն անհնար է յստակ կերպով ըսել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է համանախագահութեան կառոյցը փոխել։ ԵԱՀԿի անդամ երկիրները պիտի որոշեն փոխոխութիւնը այն երկիրներուն, որոնց քաղաքականութիւնը մեզ չի գոհացներ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.