ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հայ Դատի արդար լուծումը նպատակն է բոլորիս՝ հայութեան բոլոր հատուածներուն, բոլոր կուսակցութիւններուն՝ Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի։ Նպատակն է եւ ճիտին պարտքը։ Գէթ այդպէս կրնա՛նք ենթադրել։ Դժուար է այլ իրավիճակ երեւակայել։ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը ձգտի Հայ Դատի լուծման-ամբողջական հայութեամբ՝ ամբողջական հայրենիքի կերտումին»… ՀՅԴ Ծրագիրի նորագոյն՝ 1998ի տարբերակի առաջին էջին վրայ զետեղուած այս յայտարարութեան առաջին երեք բառերը եթէ փոխարինենք «Հայ ժողովուրդը» բառերով, ոչինչ կը փոխուի իրականութեան մէջ։ Կրնանք տարբեր պատկերացումներ ունենալ հոն հասնելու ճամբուն մասին, նոյնիսկ կրնանք տակաւին վիճիլ «ամբողջական» բառի տարողութեան մասին, բայց ձգտումը կը մնայ ընդհանրական, կը մնայ ազգային, համազգային։
Հայաստանի հզօրացումը, իբր անկախ պետականութիւն՝ իր ազգային անվտանգութեան քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային ստորոգելիներով, հիմքը նկատել հայ ժողովուրդի գոյութեան ապահովման՝ նոյնպէս դաւանանքն է բոլոր կողմերուն, ազգային կազմակերպութիւններուն, ո՛ւր ալ գտնուին անոնք։ Գէթ այլ ենթադրութիւն չենք կրնար ունենալ։ Ոչ ոք դէմ կրնայ ըլլալ այս առաջադրանքին եւս:
Այս առնչութեամբ ալ երբ նոյն Ծրագիրը, նոյնպէս իր առաջին էջին վրայ կը յայտարարէ, թէ ՀՅԴ «կ՛առաջադրէ անհատի ազատութեան, ազգային ինքնորոշման, անկախ պետականութեան, ընկերութեան համերաշխութեան եւ բարօրութեան ճամբով ապահովել հայ մարդու ու հայ ազգի անկաշկանդ, բազմակողմանի եւ ներդաշնակ զարգացումը», ասոր տակ եւս կրնան ստորագրել բոլո՛ր կողմերը անխտիր։ Կրնանք, իրաւամբ, այս բոլորը իրականացնելու միջոցներուն մասին ունենալ տարբեր մօտեցումներ, սակայն նպատակը ազգային, համազգային ըլլալէ չի դադրիր։
Իսկ երբ իր իրերայաջորդ Ընդհանուր ժողովներով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը հաստատէ ու վերահաստատէ, թէ «ազգային անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ազգային նպատակներու իրականացման տեսակէտէն Հայաստանի համար էական գործօն է կազմակերպուած եւ քաղաքականացած Սփիւռքը, որուն հայկական ինքնութեան պահպանումը եւ կազմակերպական հզօրացումը առաջնահերթութիւն է», դարձեալ կը հաւատամ, որ այդ առաջնահերթութիւնը հատուածական բնոյթ չունի, այլ ազգայի՛ն է՝ համազգայի՛ն։ Ասոր գիտակից են այլեւս, կ՛ենթադրեմ, ոչ միայն Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւնները, այլեւ՝ Հայաստանի պետութիւնն ու քաղաքական եւ այլ հաստատութիւնները։
Ուրեմն, այս բոլոր նպատակները կրնան հետապնդուիլ ու պէ՛տք է հետապնդուին հայ ժողովուրդի ամբողջական ներուժի համախմբումով։ Ոչ մէկ կողմ ունի ուժն ու կարողութիւնը, իրաւունքն ու մենաշնորհը այդ նպատակները առանձնաբար հետապնդելու- ո՛չ Հայրենիքը, ո՛չ Սփիւռքը, ոչ ալ մէկուն կամ միւսին որեւէ կազմակերպութիւնը։ Միասնաբա՛ր, համատե՛ղ ուժերով՝ անոնք ունին պարտաւորութիւնն ու առաքելութիւնը այդ մէկը ընելու։
Այն, ինչ յստակացման ու պայծառացման կը կարօտի՝ այս նպատակներուն մղում տուող, այս նպատակները իմաստաւորող գաղափարաբանութիւնն է, կողմնացո՛յցը։
Ի՞նչ տեսակ ապագայ կ՛ուզենք կերտել մեր զաւակներուն եւ յաջորդ սերունդներուն համար։ Վերանկախացումէն քսան տարի ետք, տակաւին յստակ չէ ամէն ինչ։ Ո՞ւր կ՛երթայ մեր երկիրը։ Ո՞ւր կը տանին զայն իրարու յաջորդած իշխանութիւնները։ Նոր եղեռնի մը վտանգը կը սպառնայ Հայաստանին, այս անգամ՝ առանց արիւնահեղութեան՝ վտանգաւոր չափերու հասնող արտագաղթով։ Ի՞նչ ազգային գաղափարաբանութեան կը հետեւին երկրի ճակատագիրը վարող պետական այրերը, կուսակցութիւնները։ Ահա այս մարզին մէջ տարակարծութիւն կայ, երբեմն անկամրջելի խրամատներով։ Ի՞նչ կրնանք ընել այդ ուղղութեամբ։
ՀՅԴ Ծրագիրը կը սահմանէ այս կուսակցութեան գաղափարական հիմքը, որ կու գայ իր արմատներէն. «ՀՅ Դաշնակցութեան ընկերվարական իդէալն է կերտումը հասարակութեան մը, ուր մարդը ազատագրուած ըլլայ ցեղային, կրօնական-դաւանական, ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամէն տեսակ խտրականութենէ, կաշկանդումէ, բռնութենէ եւ շահագործումէ»: Նման իտէալ անիրականանալի է առանց երկրէն ներս ժողովրդավար կարգերու՝ պայմանաւորուած օրէնսդիր, դատական եւ գործադիր իշխանութեանց տարանջատումով եւ փոխադարձ հակակշռումով, ինչպէս նաեւ առանց երկրէն դուրս իրաւահաւասար ազգերու ներդաշնակ համակեցութեան՝ պայմանաւորուած իւրաքանչիւր ազգի ինքնորոշման անժամանցելի իրաւունքի յարգումով, սեփական հողերուն վրայ ապրելու նոյնքան կենսական իրաւունքի յարգումով եւ ազգերու համագործակցութեամբ։
Իր ծնունդէն ի վեր, արիւնալի գոյամարտի օրերէն մինչեւ օրս, այդ իտէալը առաջնորդած է այս կուսակցութիւնը։ Վահան Նաւասարդեան իր քաղաքական կտակին մէջ այնքա՛ն կուռ կերպով կը բանաձեւէ այս գաղափարաբանութիւնը.
«Արցունք ու արիւն չտեսնել հայ ժողովուրդի աչքերուն մէջ։
Հայ շինականը տէր դարձնել իր արդար վաստակին։
Հաւատացեալը ազատ ձգել անվախօրէն իր Աստծուն աղօթելու։
Խորտակել հայ մտածումին վրայ ծանրացած շղթաները։
Հայ լեզուն ազատել զինք կաշկանդող կապանքներէն։
Թոյլ տալ, որ հայ հանճարը ազատօրէն ծաղկի ու ստեղծագործէ իր ազատ հայրենիքին մէջ։
Ազատ տեսնել հայ քաղաքացին ազատ Հայաստանի մէջ»:
Դաշնակցութեան համար կը մնայ իր այլազան առաջադրանքները ներկայացնել հայութեան, ընտրութենէ ընտրութիւն՝ նման հասարակարգ մը յառաջացնելու համար Հայաստանի մէջ։ Սակայն միւս՝ յատկապէս երկրի ղեկը իրենց ձեռքը պահող կուսակցութիւններուն պարտքն է Հայաստանի ապագային առնչութեամբ իրե՛նց պատկերացումները նոյնպէս յստակացնել՝ բացատրելով, թէ ներկայ այս աշխարհին մէջ, ուր տակաւին շամբերու օրէնքն է ի զօրու, ուր իրաւունքը զօրաւորինն է միայն, ուր այսպէս կոչուած զարգացա՜ծ աշխարհի ամէնէն հզօր պետութիւններուն մէջ հարստութիւնը կը կեդրոնանայ ժողովուրդի միայն մէկ առ հարիւրին ձեռքը, եւ նոյնին կապկումը նաեւ մե՛ր երկրին մէջ կը պատահի, ի՞նչ կ՛առաջադրեն՝ պահպանելու համար թշնամիներով շրջապատուած Հայաստանի անվտանգութիւնն ու զարգացումը, եւ ապահովելու համար հայութեան միասնականութիւնը, դիմագրաւելու համար բոլոր վտանգները։ Ի՞նչ գաղափարական հիմք ունի իրե՛նց ռազմավարութիւնը։ Կամ ունի՞ գաղափարական հիմք, որ ազգի շահերէն մեկնած ըլլայ, ազգի բարիքին ուղղուած ըլլայ։ Երբ ուրիշ կուսակցութիւններ եւս յստակացնեն իրենց կողմնորոշումները, այն ատեն հայութիւնը կրնայ մշակել իր ազգային գաղափարաբանութիւնը, որ համայն հայութեան հասարակաց իտէալը կը դառնայ, եւ որուն հասնելու տարբեր ուղիներ կրնան առաջադրել տարբեր կողմերը։ Առ այժմ, յստակը միայն մէկ կողմինն է՝ աւելի քան 120 տարուան երկարակեցութեամբ…
Լինել թէ չլինելուն նման, սոյն խորագիրով տրուած հարցումին մեր պատասխանը պիտի ըլլայ՝ կողմնացոյցո՛վ…