ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ինչո՞ւ չես ուզեր…: Ճշգրիտ հարցադրումը այս ժխտողական կեցուածքին, բնականօրէն ա՛յս հարցումը պէտք է ըլլայ: Ամէն մարդ ազատ է իր որոշումներուն մէջ, սակայն միշտ պէտք է հիմնաւորուած ըլլան անոնք: Այլապէս, քմահաճ մօտեցումներ կրնան ցուցաբերուիլ եւ ըստ կամս տնօրինումներ կատարուիլ, որոնք մէկ կողմէ բռնատիրական, եւ միւս կողմէ անփութութեան երեւոյթներ կրնան համարուիլ:
Հեզասահ ու հանգստաւէտ պայմաններով կեանքի համար, մարդիկ մինչեւ իսկ իրենց ապրած երկրէն կը հեռանան, աւելի լաւ կեանք գտնելու յոյսով: Դարերով արմատացած եւ իրենց համար հայրենիք դարձուցած երկիրները լքելով հեռանալու երեւոյթը, տարբեր ազգերու եւ հաւաքականութիւններու մէջ ի յայտ եկող ժխտական պատկեր է այսօր:
Յառաջդիմութեան համար միշտ ալ արկածախնդիրներ եւ արկածախնդրութիւններ պէտք են: Սակայն, միշտ ալ կայ հակառակող ծոյլերու փաղանգը, որ սովորական իմաստով ծոյլերէն ու անգործներէն կը տարբերի: Ասոնց «շնորհք»ը ո՛չ թէ պարզ հասկցուած ծուլութիւնն է, այլ՝ ուրիշին գործունէութեան արգելք հանդիսանալու ժխտողական կեցուածքը, որ պարզապէս «չեմ ուզեր» բառերով կրնայ արտայայտութիւն գտնել:
Հաւաքական որոշումները միշտ մեծամասնական ձայնի կը կարօտին: Հայկական մեր առածն ալ կ՛ըսէ. «Ձայն բազմաց, ձայն Աստուծոյ»: Այսինքն՝ Աստուած ալ իր հաւանութիւնը կու տայ, երբ բազմաթիւ մարդիկ կը յաջողին տուեալ հարցի շուրջ հասարակաց եզրակացութեան յանգիլ: Երբեմն իսկապէս դժուար կ՛ըլլայ համոզել մեծամասնութիւնը տուեալ ընկերութեան, երբ այնտեղ կան արմատացած մտածողութեան տէր մարդիկ, որոնք «իրենց էշը առջեւ քշել»ու դերակատարութենէն ո՛չ մէկ քայլ կ՛ուզեն նահանջել:
Ամէնէն կարճ ժխտումը կատարուելիք հաւաքական բարի աշխատանքին, «չեմ ուզեր» մերժողական խօսքն է, զոր արտասանողներ առհասարակ ամէն նիւթի եւ ամէն առիթի համար պատրաստ կ՛ունենան իրենց բերնին մէջ այս խօսքը:
Տեսնուած է, որ մեծագումար նիստերու ընթացքին մեղմ ձայներ կը խեղդուին ընդհանուր աղմուկին մէջ: Բարի տրամադրութեամբ անձեր միշտ կը փորձեն դրական ձայներուն աւելի՛ «ականջ տալ», եւ բազմացնել այդ ձայները, որպէսզի «Աստուծոյ ձայն»ը՝ այսինքն մեծամասնութեան ձայնը ըլլայ դրական որոշումներու յանգող ձայնը: Այնպէս ինչպէս ժողովներու ընթացքին մեծ է դերը ատենապետին, որ գիտէ երբ պիտի աւատէ հարցումներու տրամադրուած ժամանակը, լռեցնելու համար այն, որ «չեմ ուզեր» ժխտական մօտեցումով կրնայ խանգարում յառաջ բերել դրական աշխատանքի, նոյնպէս ալ կեանքի մէջ բարեկիրթ ու հեզաբարոյ մարդոց կարիքը կը զգացուի յաճախ, որոնք «չեմ ուզեր» ըսելով խանգարում յառաջացնող մարդոց առիթ չեն ընծայեր գործելու:
«Չեմ ուզեր» ըսողին, «Մի՛ ուզեր» ըսելու քաջութիւն ունեցող անձեր պէտք են, որպէսզի դրական աշխատանքը շարունակուի կեանքի մէջ: Այլապէս, ամլութեան դատապարտած կ՛ըլլանք բարի աշխատանքի լծուած անհատները, հաւաքականութիւնները, ազգերն ու անոնց պատկանող բոլոր տեսակի կառոյցները:
Աշխոյժ եզը կրտող եւ արգասաբեր արգանդը ամլութեան մատնող անմիտներուն միայն մէկ ուղղութիւն կարելի է տալ. «Բարեկա՛մ, միակ բարիքը որ կը սպասուի քեզմէ, լուռ մնալ ու այս գործին չխառնուիլն է»: Սակայն, յաճախ այս խօսքին արժանի անձերը կարողութիւնը չունին այսքան պարզ ըսուած հայերէնը հասկնալու: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ այն մեծ համարումը, զոր անոնք կ՛ունենան իրենց անձին վրայ, թոյլ չի՛ տար որ նահանջեն, իրենց չվերաբերող գործերուն չխառնուին, եւ թող տան, որ գէթ այդ կալուածին մէջ փորձառութիւն ունեցող մարդիկ յառաջ գան ու աշխատանք տանին:
Վերոյիշեալներուն կողմէ դրուած արգելքները միշտ ալ բացայայտօրէն կ՛երեւին, որովհետեւ բարի աշխատանքին խոչընդոտները շուտով ի յայտ կու գան: Մեծամասնութիւնը միշտ բարիին հետ է, ինչպէս Աստուած՝ իբրեւ Գերագոյն Բարին, «բազմաց ձայն»ին կողմնակից կը դառնայ: Սակայն, երբ անոնց դրած այդ բոլոր արգելքները ի զուր անցնին, որպէս վերջին փամփուշտ անոնք կը պահեն ամէնէն զօրաւոր արգելք.
– Չեմ ուզեր…
Այս է վերջին փամփուշտը, ընդհանուրին հակադրուելու եւ բարի աշխատանքը խանգարելու մտադրութիւն ունեցող անձին:
– Ինչո՞ւ չես ուզեր…
Բնական այս հարցումին, սակայն, պատասխան չունին տալիք անոնք, որովհետեւ նպատակը դրական արդիւնքի հասնիլ չէ՛ այլ, ընդհակառակն, դրական ամէն քայլ խափանել է: Ուստի, վերջին զէնքն ալ գործածելէ ետք երբ այլ միջոց կամ հնարք չի մնար, երկարականջ կենդանիին նման առաջին երկու ոտքերը գետին զարնելով կը գամեն այնտեղ, վերադարձի ամէն կամուրջ այրելով եւ ետդարձի ամէն յոյս փճացնելով:
Մանկան հոգեբանութեան մէջ ուսումնասիրուած, ուսերը թօթուելով՝ «չեմ ուզեր» պարզամիտ արտայայտութեան արմատաւորուած տեսակն է ասիկա: Մինչ մանուկներու մօտ ատիկա անմեղունակ յամառութիւն ունի, վերոյիշեալ հիւանդագին չափահասներու մօտ՝ իշու յամառութիւն…: Դեռ, ընտանի այդ կենդանին բնազդաբար կը կատարէ իր յամառութիւնը: Իսկ ի՞նչ ըսել գիտակից մարդուն, որու ամէնէն մեծ պարգեւը իր բանականութիւնն է:
Հին քաղաքակրթութեան նուիրուած թանգարաններու մէջ կարելի է հանդիպիլ փայտեայ եւ ապա երկաթեայ անիւներով կառքերու, որոնք պատրաստուած են անիւի գիւտէն անմիջապէս ետք: Կարելի է նշմարել, որ այդ անիւները այսօրուան անիւներուն ո՛չ փափկութիւնը եւ ո՛չ ալ ողորկութիւնը ունին: Նոյնիսկ անոնցմէ ոմանք քառակուսիի տպաւորութիւնը կը թողուն: Վստահաբար այդ օրերուն ապրած մարդիկ, որոնք այդ կառքերով տեղափոխուած են հոս ու հոն, բաւական ցնցումներէ անցած են: Պէտք է նաեւ պատահած ըլլայ, որ շատ անգամ կանգ առած կամ կոտրած են անոնցմէ ոմանք: Այդ դժուար քալող անիւներուն օրինակով, մեր լեզուին մէջ տեղ գտած արտայայտութիւններ են «քառակուսի անիւ», «քառակուսի գլուխ» կոչումները, որոնք կը տրուին յաճախ իրենք իրենց անձը գիտուն կարծողներուն, յամառներուն, եւ անոնց, որոնք «չեմ ուզեր» ըսելու վատ ունակութիւնը ի գործ կը դնեն, մարդս ցնցող յանկարծական նոպայի պէս:
Եթէ «չես ուզեր», «մի՛ ուզեր», եւ միակ բարիքը որ կրնաս ընել, թողնել եւ հեռանալն է, որպէսզի ներկայութեանդ ծանրութեամբը արգելք չհանդիսանաս աշխատողներուն:
Վերջին խօսք. «Չե՛մ ուզեր» ըսելը աւելի վախկոտութիւն կ՛արտայայտէ, քան՝ քաջութիւն: