ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին, որ տօնն է նաեւ Հայ քահանայութեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, քահանայական զգեստով Երկուշաբթի, Փետրուար 13ին պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Սուրբ խորանին սպասարկեցին քահանայ Հայրեր։ Ս. պատարագին ներկայ եղան Ազգ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս երկրորդական վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտները։
Պատարագի ընթացքին եկեղեցականներու մասնակցութեամբ երգուեցաւ Ս. Ղեւոնդեանց նուիրուած շարականը եւ «Քրիստոս Աստուած Մեր» մաղթանքը։
«Փիլիպոս»ի աշակերտութիւնը լրջութեամբ հետեւեցաւ արարողութեան եւ ունկնդրեց Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ առաջնորդ սրբազանին ուղղած պատգամը։ Սրբազանը անդրադարձաւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած Ս. Վարդանանց ճակատամարտին, հայ եկեղեցականութեան մասնակցութեան եւ դերակատարութեան։ Ան վեր առաւ Քրիստոսի ու հայրենիքի հանդէպ Ղեւոնդեանց քահանայից ցուցաբերած անսակարկ հաւատքն ու քաջութիւնը՝ նշելով, որ հերոսներն ու սրբազան հայրերը իմացեալ մահով նահատակութեան պանծալի պսակին արժանացան։ Ան յայտնեց, թէ Ս. Ղեւոնդեանց շունչով մղուած Վարդանանց պատերազմը, գերհզօր պետութեան մը դէմ հայրենական իր աւանդներուն, քրիստոնէական հաւատքին եւ հաւատալիքներուն հաւատարիմ մնալու հաւատամարտ էր ու յանդուգն քայլ, եւ այսօր ալ մեզի նոյնը կը պատգամէ, այսինքն՝ զԱստուած ու հայրենիքը սիրել, ըլլալ հաւատարիմ մեր հայրերու հաւատքին, եկեղեցւոյ օրէնքներուն եւ կանոններուն, անանձնական սիրով պատրաստ ըլլալ ամէն զոհողութեան՝ վասն հաւատքի եւ վասն հայրենիքի։
Պատարագի աւարտին եւ յիշատակի խմբանկարէ ետք, եկեղեցւոյ կողքին գտնուող Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքական ճաշ։ Վիեննայի համալսարանի Արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ծիսագիտութեան ամպիոնէն փրոֆ. Հանս Ֆէօլնըր, որ առաջնորդին հրաւէրով ներկայ էր հոգեւորականաց համագումարին, իր մասնագիտութեան առնչուող ծիսական ու արարողական հարցերու, ինչպէս նաեւ համալսարանէն ներս ուսանողներու մասին ամփոփ զեկոյց մը տուաւ։
Նախագահութեամբ առաջնորդին՝ հոգեւորականաց համագումարը անցաւ իր աշխատանքներուն։ Կրօնական ժողովի դիւանը՝ ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ ատենադպիր Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, վարեցին ժողովը, որ ընդհանրապէս զբաղեցաւ քահանայական պաշտօնի եւ հովուական առաքելութեան վերարժեւորման հրամայականներով, լուսարձակի տակ առաւ հովուական, ծիսական-արարողական թէ վարչական պատասխանատուութեանց եւ պարտականութիւններու հոգեւոր դաստիարակչական բնագաւառները:
Նկատի ունենալով, որ 2012ը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ հռչակուած է «Հայ Գիրքի Տարի», Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Հրանդ Ա. քհնյ. Երէցեան, որոնք ստանձնած էին վեհափառ հայրապետին «Taking the Church to the People» գիրքի ներկայացման գործը, ժողովին իրենց զեկուցումներն ու արժեւորումները կատարեցին։ Գիրքին ներկայացումը առիթ ընծայեց, որ հոգեւոր հովիւները վեհափառ հայրապետին արծարծած բազմաբնոյթ հարցերուն շուրջ խորհրդածեն ու վերարժեւորեն իրենց հոգեւոր առաքելութեան զանազան բնագաւառները՝ ծխական-կազմակերպչական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, սուրբ գրային սերտողութեանց, երիտասարդական ու հոգեւոր կազմաւորման դաշտերը, որպէսզի հոգեւոր ջանասիրութեամբ եւ աջալրջութեամբ հսկեն ու տէր կանգնին իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած բանաւոր հօտին, ու թոյլ չտան, որ «գառնուկի մորթով գայլեր» յափշտակեն ու մոլորեցնեն հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալները։
Հոգեւորականաց համագումարը նաեւ անդրադարձաւ Բարեկենդանի ու Մեծ Պահոց շրջանի Արեւագալի եւ Հսկումի եկեղեցական արարողութիւններու ժամանակացոյցին, ինչպէս նաեւ ծխական եկեղեցիներէ ներս սարկաւագաց ու ծառայողներու պատրաստութեան անհրաժեշտութեան։
Միօրեայ համագումարի աւարտին եւ առաջնորդի յորդորներէն ետք, հանդիպումը փակուեցաւ հաւաքական աղօթքով։