ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան Փետրուար 22ին խորհրդարանին մէջ փակ խորհրդակցութիւն հրաւիրած էր՝ Փետրուար 9ին ուրիշին փոխարէն քուէարկած Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւորներուն հարցով:
Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանի համաձայն, խմբակցութեան կողմէ այս առիթով կայացած քննարկումներուն ընթացքին ուրիշին փոխարէն քուէարկած պատգամաւորներէն ոեւէ մէկուն նկատողութիւն տալու կամ պատասխանատուութեան ենթարկելու որոշում չէ կայացուած: ԱԺի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ կայացած քննարկման իբրեւ արդիւնք՝ Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան որոշած է դիմել խորհրդարանական խմբակցութիւններուն՝ կոչ ուղղելով աշխատանելու տանիլ յետայսու համանման երեւոյթները բացառելու համար:
Յիշեցնենք, որ «Հայաստանի պառլամենտարիզմի կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ռուբէն Թորոսեան Փետրուար 10ին դիմումով մը պահանջած էր Յատուկ քննչական ծառայութենէն քրէական պատասխանատուութեան ենթարկել Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւորներ Արա Բաբլոյեանը, Հերմինէ Նաղդալեանը, Գագիկ Մելիքեանը եւ Արեգ Ղուկասեանը Փետրուար 9ի լիագումար նիստին բացակայ պատգամաւորներուն փոխարէն քուէարկելու համար, ինչպէս նաեւ ԱԺ նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանը եւ փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովը՝ կարգազանց պատգամաւորները կարգի չհրաւիրելու համար: Սակայն ՀՔԾն հաստատեց, որ համապատասխան անձերու արարքներուն մէջ յանցանք չկայ, ուստի բողոքը փոխանցեց ԱԺի ղեկավարութեան: Գալուստ Սահակեան յայտարարեց, որ այստեղ լիազօրութիւններու չարաշահման որեւէ խնդիր չկայ, եւ ատիկա ՅՔԾի քննարկելիք հարցը չէր: «Նման երեւոյթներ ԱԺում դէպք առ դէպք լինում են՝ սկսած այն պահից, երբ ձեւաւորուեց անկախ Հայաստանի խորհրդարանը: Այնպէս որ այս քուէարկութիւնները, եթէ նոյնիսկ եղել են, իրաւական, քրէական որեւէ հետեւանքներ, պատժամիջոցներ չեն ենթադրում: (Ուրիշի փոխարէն քուէարկելով) պատգամաւորը իր լիազօրութիւնները չի չարաշահում, դրա համար ԱԺ կանոնակարգը բանաձեւել է համապատասխան յօդուածներ», ըսաւ Սահակեան:
Կանոնակարգն ու օրէնսդրութիւնը կը սահմանեն, որ իւրաքանչիւր պատգամաւոր իրաւունք ունի քուէարկելու միայն ինքնիր անձին տեղ: Ըստ Գալուստ Սահակեանի, ուրիշի փոխարէն քուէարկելու պարագային կանոնակարգը կը նախատեսէ վերաքուէարկութիւն կատարել, բայց նկատի ունենալով, որ այդ օրը քուէարկութենէն անմիջապէս ետք ընդդիմադիր պատգամաւոր Լարիսա Ալաւերդեան իր ելոյթին մէջ նշած է ուրիշի փոխարէն քուէարկած միայն մէկ պատգամաւորի անուն, իսկ նիստը վարողը նկատի առած էր, որ յիշատակուած դէպքը էականօրէն չ՛ազդեր քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ՝ վերաքուէարկութիւն չէ յայտարարած: Ազգային ժողովի ղեկավարութիւնը այլ պատգամաւորներու կրկնակի քուէարկութեան մասին փաստեր չունի, հակառակ անոր որ լրագրողներուն տեսախցիկները արձանագրած են զանոնք:
«Դա որոշակիօրէն իրաւական տեսք կը ստանար, եթէ որեւէ մէկը միւսի փոխարէն քուէարկել էր, եւ ում փոխարէն որ քուէարկել էր՝ նա բողոքէր: Որեւէ բողոք դեռեւս չի եղել, թէ իր փոխարէն ինչ որ մէկը քուէարկել է: Մնացածը ես համարում եմ լրագրողական խաղեր: Որեւէ մէկը իրաւունք չունի այդ առումով նկատողութիւն տալ պատգամաւորին, նկատողութեան խնդիր չկայ, բայց քննարկումներից եկանք այն եզրակացութեան, որ, ըստ երեւոյթին, կանոնակարգում փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը կան», ըսաւ Գալուստ Սահակեան:
«Պետութիւններ կան, որ քուէարկութիւնը 24 ժամուայ շրջանակում է կատարւում: Տեղեր կան, որ ենթադրենք պատգամաւորը չի գալու, կամ գործուղման է գնալու, գրաւոր գրում է, թէ ինքը ո՛ր օրէնքների է կողմ, որին ձեռնպահ, որին դէմ: Տեղեր կան, որ մէկ անձ է որոշում, ենթադրենք՝ խմբակցութեան ղեկավարը, (արտայայտում է) իր ամբողջ թիմի տեսակէտը», յայտնեց Գալուստ Սահակեան:
ՅՔԾի եւ ԱԺի ղեկավարութեան վերաբերմունքէն վրդոված՝ ԱԺ ընդդիմադիր պատգամաւորներէն «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան նշեց, թէ ՀՀԿն ամէն գնով թիւ ապահովելու հարց ունի, ուստի իր անդամներէն իւրաքանչիւրին յանձնարարած է դիմել կարելի բոլոր միջոցներուն՝ օրինագիծերու իրականացումը ապահովելու համար: «Չեմ կարծում, թէ տուեալ պարագայում նրանք ուղղակի պարզ մեքանիքական օգնութիւն էին ցուցաբերում Աժի նիստերից իրենց բացակայող ընկերներին: Իրականութեան մէջ նպատակը միայն վտանգի տակ յայտնուած օրինագծերի անցկացնում էր», ըսաւ Ստեփան Սաֆարեան:
ՀՅԴ պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան տեղի ունեցածին մօտեցաւ բարոյական իմաստով։ «Ինձ խորապէս անհանգստացնում է այն, որ այս վարքագծով գնալու են մայիսեան ընտրութիւններին: Լրագրողների, այլ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերի աչքի առաջ այդ ջանասիրութեամբ, մոնիթորների վրայ ընկնելով քուէարկում էին, այսպէս էլ պէտք է լինի Մայիսին: Սա ձեռագիր է, չէ՞», ըսաւ պատգամաւորը: