ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Ամերիկեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» հեռատեսիլային կայանը Հինգշաբթի, Փետրուար 23ին, երեկոյեան ժամը 9ին պիտի սփռէ իր թղթակից Սքաթ Քոհընի կողմէ պատրաստուած յայտագիր մը՝ աշխարհի մէջ շրջանառութեան դրուած «աղտոտ դրամներ»ու մասին:
«Աղտոտ դրամներ»ու մասին այս յայտագիրին մէջ Ատրպէյճանի իշխող Ալիեւներու ընտանիքը հանդէս կու գայ յառաջատար դիրքերու վրայ. հոն կը ներկայացուի Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին զեխ ապրելակերպը։
«Անոնք ունին օդանաւեր, միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ առանձնատուներ եւ այդ բոլորին առանցքը կը կազմեն աղտոտ դրամները, որոնք կը ստացուին սեփական ժողովուրդը շահագործելու հաշուոյն», կ՛ըսուի յայտագիրի գովազդին մէջ։
Ըստ յայտագիրին՝ Ալիեւները միայն Տուպայի մէջ աւելի քան 75 միլիոն տոլարի կալուածներ ունին: