ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները հաղորդեցին, թէ Չորեքշաբթի, Փետրուար 22ին, ֆրանսացի լրագրող-լուսանկարիչ Ռեմի Օշլիք եւ ամերիկացի լրագրող Մարի Քոլվին զոհ գացած են Հոմսի Պապ Ամրօ թաղամասի ռմբակոծման, որուն զոհ գացած են նաեւ 19 ուրիշներ։
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Ատնան Մահմուտ յայտնեց, թէ նախարարութիւնը սպաննուած երկու լրագրողներուն եւ վիրաւորուած այլ լրագրողներու՝ Սուրիա գտնուելուն մասին տեղեակ չէ, եւ ապրօինի կերպով Սուրիա մուտք գործած բոլոր լրագրողներուն կոչ ուղղեց՝ իրենց կեցութեան հարցերը դասաւորելու իշխանութեանց հետ։
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարեց, թէ լրագրողներուն սպանութիւնը անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը պէտք է իշխանութենէն հեռանայ:
Ուաշինկթըն, իր կարգին յայտնեց, որ երկու լրագրողներուն սպանութիւնը սուրիական վարչակարգին վայրագութիւնը ի յայտ կը բերէ։ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս դատապարտեց երկու լրագրողներուն սպանութիւնը։
Միւս կողմէ՝ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց, թէ Մոսկուա «որոշ երկիրներու եւ ժողովուրդներու ճակատագիրին վերաբերող միջազգային կարեւոր որոշումներ՝ աշխոյժ քարոզարշաւներու ազդեցութեան տակ առնելը կը մերժէ»:
Քրեմլինի մամլոյ գրասենեակը նաեւ յայտնեց, թէ Մետվետեւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին հետ հեռաձայնային հաղորդագրութեան մը ընթացքին քննած է Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման համար ջանքերը համակարգելու կարեւորութիւնը։
Սէուտական պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին, Մետվետեւ Ռուսիոյ կեցուածքը բացատրած է, իսկ Ապտալլա թագաւոր պատասխանած է. «Սէուտական Արաբիա երբե՛ք չի կրնար Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ իր կրօնական եւ բարոյական կեցուածքէն հրաժարիլ, եւ նախընտրելի էր, որ ռուս բարեկամները, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ նախքան վեթոյի իրաւունքը գործածելը, ռուս-արաբական համակարգում կատարէին, իսկ այժմ իրադարձութեանց շուրջ որեւէ երկխօսութիւն անօգուտ է»։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ստոյգ տեղեկութիւններ ունի այն մասին, որ սուրիական ընդդիմութիւնը արտասահմանէն զէնքեր կը ստանայ՝ նշելով, որ «Ռուսիա վստահ է, թէ Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ յարձակում գործելու ծրագիր արդիւնաւոր պիտի չըլլայ». ան նաեւ «ուղղակի գրգռութիւն» որակեց Սուրիոյ վերեւը թռիչքի արգիլեալ գօտիներ ստեղծելու Միացեալ Նահանգներու կոչերը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ յայտարարեց, թէ զօրավիգ կը կանգնի մարդասիրական օժանդակութեանց մատակարարման նպատակով՝ Սուրիոյ մէջ ամէն օր երկու ժամ տեւողութեամբ զինադադար հաստատելու Միջազգային Կարմիր խաչի կոչին։
Նաեւ, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նապիլ Արապի յայտնեց, թէ Թունուզի մէջ Ուրբաթ օր նախատեսուած «Սուրիոյ բարեկամներ»ու խորհրդաժողովին ընթացքին, դէպի Սուրիա արաբական-ՄԱԿ ուժեր ուղարկելու առաջարկը պիտի արծարծուի:
Թունուզ հաստատուած արաբ դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնեց, թէ Թունուզի խորհրդաժողովը կազմակերպողը Քաթարն է, որ այդ աշխատանքը կը տանի Թունուզի մէջ իր դեսպանատան միջոցով, ինչ որ «միջազգային խորհրդաժողովներու կազմակերպման մէջ արտասովոր նախադէպ մըն է»։