
– Չորեքշաբթի, Փետրուար 22ին, Արժանթինի մէջ տեղի ունեցած երկաթուղային արկածի մը զոհ գացին մօտաւորապէս 50 քաղաքացիներ:
– Աբխազիոյ նախագահ Ալեքսանտր Անքվապի դէմ Փետրուար 22ին տեղի ունեցած մահափորձին հետեւանքով սպաննուեցան անոր թիկնապահներէն երկուքը եւ վիրաւորուեցան քանի մը ուրիշներ: Նախագահը անվնաս ազատուեցաւ ահաբեկչական արարքէն:
– Անգարայի մէջ խումբ մը թուրք ույղուրներ Չինաստանի փոխնախագահի այցելութեան դէմ բողոքի ցոյց մը կատարած են Փետրուար 21ին եւ Չինաստանի դրօշը հրկիզած են։
– Ամերիկեան կառավարութեան պարտքը երկրին ամենակարեւոր հարցը նկատող իւրաքանչիւր ամերիկացիի դիմաց, երեք ամերիկացներ կը հաւատան, որ երկրին դիմագրաւած կարեւորագոյն խնդիրը անգործութեան բարձր համեմատութիւնն է:
– Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Մոնթիի առաջարկած է Իտալիոյ տարածքին եկեղեցական անշարժ գոյքերէն տուրք գանձել, որուն շնորհիւ՝ կառավարութիւնը տարեկան մէկ միլիառ եուրօ եկամուտ կրնայ ապահովել։
– Միացեալ Նահանգներու ամենահարուստներու 1 տոկոսին մէջ կան 57 քոնկրեսականներ:
– Չինական լրատու գործակալութիւննեը կը հաղորդեն, որ Չինացի տարեցներու միութեան կողմէ կատարուած մարդահամարին համաձայն, Չինաստանի մէջ հարիւր տարիքը բոլորած անձերուն թիւը 48,921 է, ինչ որ 5228ով աւելի է քան անցեալ տարուան թիւը։ Նաեւ կը նշուի, որ Չինաստանի մէջ ամենատարեց զոյգին տարիքներուն գումարը 213ի հասած է: Զոյգը Կուիչու նահանգին մէջ կ՛ապրի: Չինացիներուն միջին տարիքը 73.5 է։