ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պատգամաւորները, բանտի մէջ հացադուլ ընող քիւրտերուն զօրակցելու եւ քրտական հարցի լուծման համար բանակցային գործընթացը սկսելուն աջակցելու նպատակով, Երեքշաբթի, Փետրուար 21ին երկօրեայ հացադուլի սկսած են:
Ըստ թրքական մամուլին՝ կուսակցութեան ներկայացուցիչները կազմակերպած հաւաքին ընթացքին շեշտած են քրտական տագնապը լուծելու նպատակով երկխօսութեան կարեւորութիւնը:
Նկատի ունենալով, որ Փետրուար 21ը Մայրենի լեզուի համաշխարհային օր հռչակուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէ, կուսակցութեան անդամ Փերվին Պուլտան բացման խօսքը քրտերէնով կատարած է, ապա պատգամաւոր Կիւլթեն Քըշանաք իր խօսքը սկսած է քրտերէնով, հայերէնով, յունարէնով, լազերէնով, ասորերէնով, չերքեզերէնով, արաբերէնով եւ թրքերէնով՝ հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Յարգելի եղբայրներ, մայրենի լեզուն պատիւ է»: