
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստան-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեան Փետրուար 22ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ «Եվրոնես»չ հասարակական կոմիտէի նիստին՝ Հայաստանի մէջ կայացումը կարեւոր իրադարձութիւն է՝ աւելցնելով, որ բաւարար տեղեկութիւն ունեցող որեւէ կողմ չի կրնար լրջութեամբ վերաբերիլ ատրպեճանական հնարքներուն հետ:
«Մեր պատուիրակութիւնը «Եվրոնես»չի անցած ճանապարհին մեծ դեր է խաղացել, որպէսզի ճշդուեն այն ձեւաչափերը, խաղի կանոնները, որոնցով այս նոր ձեւաւորուող կառոյցը պէտք է աշխատի», ըսած է Ռուստամեան եւ աւելցուցած. «Մենք փրոպլեմ (խնդիր-Խմբ.) ունէինք թոյլ չտալու, որպէսզի ձեւաւորուի այդ Գուամ-ը եւ միասնական մեծ ճակատով ատրպեճանական լոպպիինկի արդիւնքում նորից Ղարաբաղի հարցը շահարկի, իրենց քարոզչական հարթակը ձեւաւորի»:
ՀՅԴ խմբակցութեան անդամը նշած է, որ «Եվրոնես»չը խորհրդարանական մակարդակով բարձր մասնակցութեան խնդիրներ կը լուծէ երկու կողմերուն՝ Հայաստանի եւ եւրոպական խորհրդարանի միջեւ, կը նպաստէ շատ լուրջ, բազմակողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման. «Այսօր արդէն խօսում ենք ազատ առեւտրի հնարաւորութիւնների մասին, վիզաների հեշտացման մասին, եւրամիութեան հետ ասոցացուած անդամի կարգավիճակով համագործակցութեան մասին», նշած է Արմէն Ռուստամեան:
Նշենք, որ «Եւրոնես»չը առաջին անգամ էր, որ կը գումարուէր Հայաստանի մէջ, եւ անոր ներկայ էին նաեւ ատրպէյճանցի երեք պատգամաւորներ:
Յանձնաժողովի անդամ Արմէն Ռուստամեան շեշտած է, որ ատրպէյճանցի պատգամաւորները անդադար եւ բոլոր ամպիոններէն աղմուկ կը բարձրացնեն Ղարաբաղի խնդիրին շուրջ՝ օգտուելով այն իրողութենէն, որ տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչ պատգամաւորներ բոլորովին պարտաւոր չեն տեղեակ ըլլալու մանրամասնութիւններէն: Անոնք անընդհատ կը կրկնեն, թէ տարածքները իրենց կը պատկանին, եւ քարոզչական այդ ձեւը, ըստ Ռուստամեանի, կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ անտեղեակ պատգամաւորներուն վրայ:
«Մենք ի հարկէ պէտք է հակազդենք: Ինչո՞ւ է Ատրպէյճանը խուսափում Մինսկի խմբի ձեւաչափից: Որովհետեւ այստեղ տեղեակ են մանրամասներին: Տեղեկացուած որեւէ կողմ չի կարող լուրջ վերաբերուել ատրպեճանական հնարքներին», ըսած է ան:
Ռուստամեանի համաձայն, իբրեւ յաղթող կողմ արդար ըլլալով, հայերս յատուկ ճիգ չենք գործադրած մեր արդարութիւնը ապացուցելու համար եւ շատ սխալ ուղի որդեգրած ենք. «Մինչդեռ հէնց արդարութիւնն է պէտք պաշտպանել եւ այստեղ դիւանագիտութիւնը պատերազմի օրէնքներով է ընթանում», ըսած է ան:
«Մենք ակտիւ դերակատարումով պէտք է թոյլ չտայինք, որպէսզի ատրպէյճանցիները գլխիվայր շուռ տային իրողութիւնները: Այսօր տարբեր երկրներում շատ լուրջ գործընթացներ են ծաւալուել Խոճալուն որպէս ցեղասպանութիւն ճանաչելու իմաստով: Օրինակ Մեքսիքայի երկու պալատներն արդէն ճանաչել են այդ կեղծիքը: Փաքիստանը ճանաչել է եւ այդ գործընթացները շարունակուելու են: Այսօր խնդիր ունենք կասեցնելու Պունտեսդակում (Գերմանիոյ խորհրդարան-Խմբ.) ընթացող իրադարձութիւնները, Պելկիայում՝ նոյնպէս: Ատրպէյճանը նենգափոխում է փաստերը եւ զոհի կերպարով հանդէս գալիս: Մենք պէտք է խորհրդարանական դիւանագիտութեան ճանապարհով մեր շահերը պաշտպանենք: Մենք աւելի լուրջ հիմքեր ունենք մեր իրաւացիութիւնն ապացուցելու եւ չափազանց մեծ անելիքներ՝ հակակշռման առումով», եզրակացուցած է Արմէն Ռուստամեան: