ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Հայաստանի Նկարիչներու միութեան անդամներուն թիւը շուրջ 1000 է, սակայն անոնց 300ը այսօր Հայաստանի մէջ չէ:
Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեան Փետրուար 23ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ թէեւ միութեան խնդիրները նոյնն են, ինչ որ էին 80 տարի առաջ, սակայն անոնց լուծումը հիմա շատ աւելի դժուար է, քան քանի մը տարի առաջ: Նշենք, որ Միութեան գլխաւոր հարցերէն մէկը կը շարունակէ մնալ հայ ստեղծագործողի ճանչցուիլն ու անոր աշխատանքներուն տարածում ապահովելը։
«Պետութիւնը կերպարուեստին, երաժշտութեանը, գրականութեանը պէտք է ուշադրութիւն դարձնի, բայց մինչեւ հիմա չկայ անգամ ստեղծագործական միութիւնների մասին օրէնք», իր մտահոգութիւնը յայտնեց Աղամեան՝ աւելցնելով, որ նկարիչներու միութիւնը այսօր ո՛չ պետական աջակցութիւն ունի, եւ ո՛չ ալ պետութեան կողմէ ուշադրութեան կ՛արժանանայ:
Անդրադառնալով յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն, ան նշեց, որ տարուան կարեւորագոյն ձեռնարկներէն է Արցախի մէջ Շուշիի ազատագրման նուիրուած ցուցահանդէսը, իսկ տարուան աւարտին պիտի կայանայ յոբելինական ցուցահանդէս: