
ԱՐԱԳԱԾՈՏՆ, «ԱրմէնիաՆաու».- Փետրուար 21ին Ճարճակիս-Ալագեազ գիւղերու ճամբուն վրայ փրկարարներ կրցած են երիկամի ցաւէ տառապող յղի կին մը տեղափոխել Ապարանի հիւանդանոց՝ զայն պատգարակով 3 քլմ. ձիւնապատ ճամբէն անցընելով։
Ճամբուն մէկ մասը քարշակով անցնելէ ետք, երբ ձիւնին պատճառով անկարելի եղած է շարունակել, յղի կնոջ ընտանիքը հեռաձայնած է Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն, եւ փրկարարները քալելով հասած են կնոջ գտնուած տեղը։
«Նման բան չէր եղել ոչ մեր գիւղում, ոչ էլ կողքերում: Եթէ փրկարարները չհասնէին, հարսս արդէն չէր ապրի, էլ երեխու մասին չեմ խօսում: Կեանքի հարց էր, արդէն յոյս չունէինք», կ՛ըսէ կեսուրը: Փրկարարները յղի կինը հասցուցած են մինչեւ մայրուղի, ուր կը սպասէր շտապօգնութեան ինքնաշարժը։
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան ղեկավարի տեղակալ Նիկոլա Գրիգորեանի համաձայն, փրկարարներու պատմութեան մէջ ասիկա բացառիկ դէպք է. «Ի հարկէ, եղել են նման իրավիճակներ, սակայն որ փրկարարները մի քանի քիլօմեթր ոտքով յաղթահարեն ճանապարհը, այն էլ՝ բաւական դժուարանցանելի, դա եզակի դէպք է», ըսաւ Գրիգորեան:
Ապարանի հիւանդանոցի բժիշկները ծանր կը գնահատեն Գիւլնարա Ֆարոյեանի վիճակը. «Եթէ մի քանի ժամ էլ ուշացնէին, գուցէ այլեւս չփրկէինք կնոջը: Դեռ ծննդաբերութեան ժամանակը չէ, սակայն յուսանք, որ ամէն ինչ նորմալ կը լինի», նշեց Ապարանի բժշկական կեդրոնի տնօրէն Հայկ Շմաւոնեան: