
Գերմանիան ներկայացնող հայ բռնցքամարտիկ՝ IBF վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամի յառաջիկայ մենամարտը նախանշուած է Մարտ 31ին, Գերմանիոյ Քիլ քաղաքի մէջ: Ըստ աշխարհահռչակ հայ բռնց-քամարտիկի երեւանեան մամուլի խօսնակին՝ հաստատուած է նաեւ Աբրահամի մրցակիցին անունը՝ EBU վարկածով նախկին ախոյեան՝ 33ամեայ լեհ Պէոտր Վիլշեւսքի:
«Մարտական եմ տրամադրուած՝ ինչպէս միշտ: Հերթական անգամ կը գնամ յաղթելու, իսկ մինչ այդ ինձ սպասում են ամէնօրեայ մարզումներ», նշած է Արթուր Աբրահամ:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 14ին Գերմանիոյ Օֆֆենպուրկ քաղաքի «Պատէն-Արենա» համալիրին մէջ՝ Աբրահամ արժանթինցի Փապլօ Օսքար Նաթալիօ Ֆարիասը մենամարտի 5րդ պտոյտին զգետնեց՝ նուաճելով WBO վարկածով միջին քաշային կարգի Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը: