ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ատրպէյճանի հակահայկական քարոզչական գրոհը լայնածաւալ, համակարգուած ու բուռն ճակատ մը բացած է աշխարհի աւելի քան եօթանասուն երկիրներու մէջ, ներառեալ այստեղ՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքին:
Այս անսովոր գրոհը, որ առաւել թափ ստացած է այս օրերուն՝ Խոջալուի իրադարձութեանց տարեդարձը դարձնելով իբրեւ սեւեռակէտ, յստակօրէն նախաձեռնուած է Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ՝ «Հայտար Ալիեւի հիմնադրամ»ի ֆինանսաւորումով: Այս հիմնադրամի միջոցները կրնան փշրանքները ըլլալ թալանուած այդ հսկայական գումարներուն, որոնք Ատրպէյճանի նախագահի ընտանեկան հաշուեհամարներուն մէջ են: Այսուամենայնիւ, այդ փշրանքներն իսկ այնպիսի նիւթական հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն ատրպեճանական պաշտօնական քարոզչութեան լծուած ուժերուն համար, որոնց դիմաց մեր ազդելու կամ հակազդելու միջոցները կրնան չափազանց խեղճ թուիլ:
«Մեր»ը՝ այս պարագային՝ Սփիւռքի քաղաքական-հասարակական կազմակերպութիւններն են, որոնց գլխին գրեթէ միայնակ կանգնած է Հայ Դատի յանձնախումբը: Առանց Հայաստանի կառավարութեան բարոյական ու նիւթական օժանդակութեան, Հայ Դատի յանձնախումբերուն համար տիտանական ճիգ պիտի պահանջուի՝ դէմ կանգնելու այսպիսի հզօր գրոհի մը, որ իր շրջածիրէն ներս առած է զանգուածային լրատուական միջոցներու մէջ մեծ գումարներ արժող ծանուցում-յայտարարութիւններ ու հանրային յարաբերական ծախսալի ձեռնարկներ:
Փոխադարձ մեղադրանքները, քննադատութիւնները կամ պատասխանատուութենէ խուսափելու ճանապարհներ փնտռելու ճարպիկութիւնները՝ մերը չեն կրնար ըլլալ: Խնդրոյ առարկան, ի վերջոյ, Արցախեան յաղթանակի ամրագրումն է՝ անկախ պետականութեան միջազգային ճանաչումի ապահովումով: Գրոհը ուղղակիօրէն ուղղուած ըլլալով հանդերձ Արցախին՝ անոր հարուածները կը հասնին Հայաստանին ու համայն հայ ժողովուրդին:
Պարզապէս պէտք է գիտակցինք, մենք բոլո՛րս, որ այս գրոհը կանգնեցնելու համապատասխան միջոցներ պէտք է գտնենք: