Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նախորդ թիւով բացատրած էինք կարգ մը կարեւոր «գաղտնիքներ»՝ յաջողակ ծնողք դառնալու համար: Այս թիւով կը շարունակենք մեր ճանապարհը եւ կը բացատրենք այլ կէտեր, որոնք աւելի կը դիւրացնեն եւ կը յաջողեցնեն մեր ընթացքը որպէս ծնողք:
Ընդհանրապէս ընդունուած կարգ է որեւէ պարագայի կամ ընտանիքի մէջ, թէ մայրերը ֆիզիքական եւ զգացական կարիքներու անմիջական հոգատարներն են: Միւս կողմէ՝ հայրերը աւելի շատ «ռիսք»եր առնող եւ երեխաներուն աւելի ինքնուրոյն դարձնելու աշխատանքը կը կատարեն: Այսպիսով՝ երեխաները աւելի պատրաստ կ՛ըլլան կեանքի մէջ ինքնավստահ քայլեր առնելու եւ իրենց սեփական հարցերը իրենց ուժերով լուծելու ունակութիւնը ձեռք կը ձգեն: Ինքնաբերաբար երեխան կ՛իմանայ, թէ ամէն պարագայի, յատուկ ապաւէն մը ունի ու երկու տարբեր ձեւի հսկողութիւն կը վայելէ: Առաջին պարագային՝ հոգատար ու սնուցանող միջավայր մը, իսկ երկրորդ պարագային՝ իր ուժերը ու սեփական ունակութիւնները զարգացնող հաստատուն վայր մը:
Մայր մը կը վկայէ, թէ իր աղջնակը չորս տարեկան եղած ատեն, ամուսնոյն քաջալերանքներուն շնորհիւ կրցած է լողալ սորվիլ, մինչ մայրը նոյն միջոցին անոր յաճախ կը թելադրէր ուշադիր ըլլալ: Ուրեմն այս պարագային, այս զոյգ ուժերը միասին գործակցելով՝ աշխատանքի խմբակը կրնայ զօրանալ:
Մայրե՛ր, դուք միշտ մի՛ ստանձնէք հսկողութիւնը: Հայրե՛ր, աւելի՛ միջամուխ եղէք՝ սակայն ընդհանուր ռազմավարական ընթացքի սահմաններէն ներս: Իսկ այն ընտանիքներու պարագային, որոնք բաժնուած են, ապա մայրը կրնայ ուժեղ եւ դրական կապ ու յարաբերութիւն ստեղծել երեխայի ուսուցիչին կամ սկաուտական շարքերու խմբապետին հետ, ու այսպիսով՝ ան պիտի ըլլայ ձեւով մը երեխային իտէալը՝ ընդունուած սահմաններէ ներս: Հարկ է ամուսնալուծուած ծնողներ իրարու հետ գործակցին իրենց երեխաներու հարցով, որպէսզի երեխան երկու ծնողքի միջեւ ընտրութիւն կատարելու ծանր լուծին տակ չմնայ: Եթէ հայրը զգացական իմաստով յարատեւ բացակայ է, ապա երեխային պէտք է հասկցնել մեղմօրէն այս իրողութիւնը՝ առանց զինք նեղացնելու, եւ միջոցներ պէտք է տրամադրել անոր՝ ընդունիլ կարենալու համար այս իրականութիւնը եւ ըստ այնմ՝ հետը ապրելու:
Հետեւողական Դաստիարակչական Ընթացք
Լաւագոյն ձեւը՝ երեխաներուն ճիշդը սխալէն տարբերել հասկցնելու համար, անոնց յստակ օրէնքներ ճշդելն է: Սահմաններ ունեցող երեխան դժուարութիւններ չունի օրէնքներու ենթարկուելու: Երբ թէժ կացութեան առջեւ կը գտնուիք, զգոյշ եղէք անմիջական ձեւով անոր դէմ չդնելու: Երբե՛ք երեխային հետ վէճի կամ պայքարի մէջ մի մտնէք: Այդ պարագաներուն, անպայմանօրէն հեռացէք միջավայրէն կամ երեխան առանձնացուցէք ու իրեն բացատրեցէք, թէ հարցը պիտի լուծէք աւելի ուշ: Երբեք պատիժ մի սահմանէք երբ բարկացած էք: Երբ երեխան օրէնքը կը խախտէ, անպայման պէտք է արարքին անյարմար ըլլալը նշէք, այլ ոչ թէ իր անձին ու իր ինքնութեան վիրաւորանք հասցնէք:
Արհամարհեցէք ու երբե՛ք մի ընդունիք անոր կատարած անյարմար արարքը: Տրամաբանական եւ գործադրելի պատիժներ սահմանեցէք, որպէսզի կարենաք զանոնք իրագործել եւ դաստիարակել: Մի պատժէք, երբ ձեր անձը կը վիրաւորուի երեխային արարքէն, այլ պատժեցէք զինք դաստիարակելու, որպէսզի անյարմար արարքներ չկատարէ: Երբ խաղալիքի մը համար քոյր-եղբայր կը կռուին, այդ խաղալիքը երկու օր կամ մէկ օր գրաւեցէք՝ բացատրելով, թէ իրենց պարտականութիւնն է խաղալ առանց կռուելու եւ իրարանցումի, ու հանդարտ մթնոլորտ ստեղծել միասին: Յիշենք, թէ պատժելը դաստիարակել չի նշանակեր միշտ, այլ դրական եւ օրինակելի սեփական կեցուածքը առաւել եւս կը դաստիարակէ ու սրբագրութեան եւ մտածելու առիթ կու տայ: Անպայման գնահատեցէք զիրենք, երբ լաւ գործ մը կը կատարեն: Երեխային հետ յաւելեալ ժամանակ անցնելով՝ աւելի կրնաք նուազեցնել անոր անտեղի պոռթկումները եւ անհամութիւնները, որոնք բոլորն ալ ուշադրութեան պակասի հետեւանքով կը յառաջանան:
Պատասխանատուութեան Գիտակցութիւն Սերմանել
Լաւագոյն պարգեւը, զոր կր-նանք տալ մեր երեխաներուն, ու կեանքի լաւագոյն դասը, զոր կրնանք դրոշմել անոնց միտքերուն մէջ, պատասխանատուութիւն վարժեցնելն է: Թող երեխան հասկնայ, թէ ինք կատարեց տուեալ ընտրութիւնը ու անոր հետեւանքով որոշ արդիւնքներու պատասխանատուութիւն պիտի կրէ, ու բնականաբար՝ իր կեանքին եւ ուրախութեան սահմանները իր ձեռքով պիտի ճշդէ: Այս մէկը երեխային առաջին քայլը կը համարուի իր անձին ու կարողութիւններուն վստահելու գծով: Ձեր զաւակին առաջարկեցէք կարգ մը որոշումներ, եւ թող ինք մտածէ ու քայլ առնէ այդ ուղղութեամբ: Կարգ մը թեթեւ պարտականութիւններ կրնայ նաեւ կատարել ձեր երեխան, ու այսպիսով՝ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը կը զարգանայ իրեն մօտ եւ նաեւ ինքնավստահութիւնը կ՛աւելնայ: Քաջալերեցէք ձեր զաւակին նոր հմտութիւններ ձեռք ձգելու, ինչպէս՝ հեծանիւ վարել կամ բարձրաձայն պատմութիւն մը կարդալ եւ այլն:
Սխալելու պարագային, թոյլ տուէք, որ ինքնիրեն սրբագրելու առիթ ունենայ, այլ անմիջապէս սրբագրելով մի՛ միջամտէք: Եթէ անել կացութեան մատնուած է ձեր երեխան, ապա վիճակը աւելիով բարդացնել մի ջանաք, այլ պարզապէս օգնութիւն առաջարկեցէք եւ իւրաքանչիւր սրբագրութեան կարօտող քայլ բացատրեցէ՛ք, ապա սրբագրեցէ՛ք՝ միշտ հասկցնելով, թէ այդպիսով կրնան սորվիլ ու սխալները ուղղելով՝ ճիշդ եւ նոր ուղիներ կը գտնեն:
Անպայմանօրէն վարժեցուցէք ձեր երեխային, որ ան կարենայ մտածել ու նոր կարծիքներ արտայայտել. նոյնիսկ եթէ ձեր մտածածէն տարբեր է իր մտածումները, յարգանքով ու ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք անոր: Երբեք մի անտեսէք կամ դէմքի ու մարմինի շարժումներով մի թերագնահատէք իր զգացումները ու գաղափարները:
Քաջալերեցէ՛ք, որ շատ մտածէ ու արտայայտէ իր միտքը ազատօրէն: