ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկեան «Նիուզուիք» թերթը Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ անոր ղեկավար, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մասին հրապարակած է խիստ քննադատական յօդուած, որուն մէջ կը նշուի, թէ Թուրքիոյ մէջ կառավարութիւնը քննադատող լրագրողները բանտ կը նետուին, իսկ խօսքի ազատութիւնը կը սահմանափակուի:
«Էրտողանի՝ Թուրքիոյ մէջ իշխող կուսակցութեան քաղաքական մրցակիցները ճնշումներու ենթակայ են դատարաններու եւ ոստիկանութեան կողմէ: Անոնք ամիսներով եւ նոյնիսկ տարիներով բանտերու մէջ կը մնան՝ սպասելով իրենց դատավճիռին: Կառավարութեան ընդդիմացող եւ կարծիք ունեցող գործարարները, սնանկութեան հասցնող հարկային պատիժներու ենթակայ են: Մամուլի ազատութեան ցանկին մէջ Թուրքիա կը գտնուի 148րդ դիրքի վրայ: Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը, անցեալ տարի Թուրքիոյ դէմ մարդկային իրաւանց խախտումներու վերաբերեալ 174 դատավճիռ արձակած է», գրած է թերթը՝ աւելցնելով. «Էրտողան չկատարեց Թուրքիան «բարձր ժողովրդավարութեան» հասցնելու մասին 10 տարի առաջ՝ իշխանութեան գալու ժամանակ՝ տուած իր խոստումը: Երկրին մէջ քրտական խնդիրը լուծելու համար պայքարի ելած 3500է աւելի քիւրտ քաղաքական գործիչներ ձերբակալուած են, գործող եւ պաշտօնաթող 250է աւելի զինուորական հրամանատարներ կը մեղադրուին յեղաշրջում նախապատրաստելու յանցանքով: Իրական ժողովրդավարութեան մասին խօսող մարդկանց ձերբակալութիւնները ցոյց կու տան, թէ թրքական կառավարութիւնը մենատիրութեան համամիտ է, որուն թիւ մէկ զոհը ժողովրդավարութիւնն է: Էրտողանին Թուրքիան կը վերադառնայ 1980ականներու մենատիրական ռազմական վարչակարգին»:
Թերթը նաեւ կը քննադատէ Թուրքիոյ «իրաւական խեղճուկ համակարգը»՝ զայն նկատելով ամենալուրջ խոչընդոտը՝ Էրտողանի երազած «բարձր ժողովրդավարութեան» առջեւ: