
ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- «Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութիւնը հովանաւորում է համայնքիս մտաւորական դոկտ. Կարէն Խանլարեանի թեկնածութիւնը՝ բոլորին առաջարկելով խուռներամ մասնակցութեամբ, բարձր ու ցայտուն քուէներով ընտրել դոկտ. Կարէն Խանլարեանին՝ որպէս Իրանի Իսլ. խորհրդարանի պատգամաւոր»: Այսպիսի յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութիւնը:
Դոկտ. Խանլարեանի թեկնածութեան զօրակցութիւն յայտնած են նաեւ իրանահայ հետեւեալ կազմակերպութիւնները. Իրանահայ ուսուցիչներու միութիւն, Թեհրանի Հայ կանանց բարեգործական ընկերութիւն, «Հայ կին» միութիւն, «Արմէնուհի» միութիւն, «Անահիտ» միութիւն եւ «Անի» միութիւն, Հայ Ուս. «Չհարմահալ» միութիւն, ՀՄ «Սիփան» միութիւն, ՀՃՃ միութիւն, ՀՄ «Սարդարապատ» միութիւն, Փերիոյ Կրթասիրաց միութիւն, «Գիւլիզարդ» հայրենակցական միութիւն:
Դոկտ. Խանլարեան անցեալ օրերուն բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է իրանահայ տարբեր կազմակերպութիւններու, արհեստակցական միութիւններու, համալսարանական ուսանողներու եւ ժողովրդային տարբեր խաւերու հետ՝ ներկայացնելով ընտրական իր ծրագիրը:
Նշենք նաեւ, որ խորհրդարանական 9րդ շրջանի թեկնածու Արմէն Հայրապետեանը յօգուտ դոկտ. Կարէն Խանլարեանի՝ հրաժարած է իր թեկնածութենէն: