ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Նոյեան Տապան» համալիրը պիտի կառուցուի Աստուածաշունչի մէջ նշուած չափերուն համաձայն։ Այս մասին Փետրուար 27ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ նշեց «ԱՐՄԱՐԷ» ընկերութեան նախագահ Մարտուն Յարութիւնեան: «Այն կը լինի պատմամշակութային եւ գիտակրթական օճախ, որը նախատեսուած է կառուցել Աստուածաշնչում նշուած չափերի համապատասխան. երկարութիւնը՝ 132 մեթր, լայնութիւնը՝ 22 մ. եւ բարձրութիւնը՝ 13 մ., արտաքին երեսպատումը ու ներքին ձեւաւորումը՝ փայտից», ըսաւ Մարտուն Յարութիւնեան՝ աւելցնելով, որ տախտակամածին վրայ նախատեսուած է կառուցել ընդունելութեան սրահ, դիտակէտեր դէպի Արարատ լեռը, իսկ ծայրամասը պիտի գտնուին հնաոճ եւ ժամանակակից երկու տարբեր սրճարաններ:
«Համալիրի առաջին յարկը կը ծառայի որպէս թանգարան: Երկրորդ յարկը կը յատկացուի գիտակրթական համալիրին՝ կոնֆերանս դահլիճով, կինոթատրոնով: Երրորդ յարկը կը տրամադրուի արտերկրեայ հիւրերին՝ հանգստի եւ գիշերելու առանձնասենեակներով, ինչպէս նաեւ կը յատկացուեն մասնաբաժիններ աշխարհի բոլոր ազգերի եւ պետութիւնների համար՝ իրենց զինանշաններով, դրօշներով եւ օրհներգերով», նշեց Յարութիւնեան եւ աւելցուց, որ համալիրին վրայ գիշերը պիտի լուսարձակուին մեծ եւ փոքր Մասիսներու պատկերով ճառագայթներ:
Այս գծով վերջնական որոշում տալէ ետք կառոյցը պատրաստ պիտի ըլլայ երկու տարուան ընթացքին։
«Յաղթանակ» զբօսայգիի տնօրէն Թորոս Ումրիկեան, իր կարգին ըսաւ, թէ նախագիծին իրականացման համար անհրաժեշտ է մօտ 20 միլիոն տոլար. «Պետպիւտճէից որեւէ գումար չի տրուելու, այլ այդ ամէնը կատարուելու է ներդրողների հաշուին»:
Նշենք, որ «Նոյեան Տապան» համալիրը կը նախատեսուի կառուցել «Յաղթանակ» զբօսայգիի յարակից ժայռաբեկորին վրայ՝ Արարատ լերան դիմաց: