ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի բռնցքամարտի դաշնութեան գլխաւոր քարտուղար Լեւոն Յովհաննիսեանի համաձայն, Հայաստանի երեք բռնցքամարտիկներ՝ 49 քլկ ծանրութեամբ Յովհաննէս Դանիէլեան (Երեւան), 81 քլկ ծանրութեամբ Արթուր Խաչատրեան (Վանաձոր) եւ գերծանր Սերգօ Պօղոսեան (Երեւան) պարտուած են Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ աւարտած բռնցքամարտի միջազգային մրցաշարքի կիսաեզրափակիչ մրցումներուն, որոնց մասնակցած են 30 երկիրներու 164 մարզիկներ, ներառեալ՝ աշխարհի ախոյեաններ։ Հայ մարզիկները ստացած են պրոնզէ մետալներ։
Այս մրցաշարքին խումբի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի ղեկավարութեամբ մասնակցած են Հայաստանի վեց բռնցքամարտիկներ: