
ԹԵՀՐԱՆ.- Պարսկական «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլէն 1.6 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք գնելու Ատրպէյճանի քայլէն ետք, Թեհրան Պաքուն զգուշացուցած է եւ Իրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Ճաւանշիր Ախունտով Երեքշաբթի, Փետրուար 28ին կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր իրեն փոխանցուած է այն զգուշացումը, թէ Թեհրան Իսրայէլի պիտի չարտօնէ, որ Իրանի դէմ «ահաբեկչական գործողութիւններ շղթայազերծելու համար Ատրպէյճանը օգտագործէ»։
Ատրպէյճանի դեսպանը հաստատած է իսրայէլեան զէնքերու գնման լուրը, սակայն բացատրած է, թէ այդ զէնքերը Իրանի դէմ պիտի չգործածուին, այլ՝ «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած հողամասերը ազատագրելու համար պիտի գործածուին»։
Միւս կողմէ, Իրանի խորհրդարանի Ազգային ապահովութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնաժողովի փոխնախագահ Հոսէին Էպրահամի յայտարարած է, որ Իրանը պէտք է Նախիջեւանի նկատմամբ իր քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ, Իսրայէլի ու Ատրպէյճանի միջեւ սերտացող յարաբերութեանց լոյսին տակ:
Նշելով, թէ Ատրպէյճան սկսած է Իրանի թշնամիներու կեդրոնի մը վերածուելու, ան աւելցուցած է, որ Իրան պէտք է օգտագործէ իր բոլոր կարելիութիւնները՝ Ատրպէյճանէն հասնող վտանգները չէզոքացնելու համար:
Amot, shat amot!