ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 29ին, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին եւ Արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձնախումբին առջեւ վկայութեանց ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին ներկայացուեցաւ հայութիւնը յուցող շարք մը հարցերու մասին հարցումներ: Քլինթընը նեղ կացութեան մատնուեցաւ յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան մասին իր խուսափողական կեցուածքին համար:
Ինչպէս երէկուան թիւով արդէն հաղորդած էինք, քոնկրեսական

անգամ մը եւս առիթ ընծայեց Քլինթընին, որ վերջ տայ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ապատեղեկատուական հաստատումներուն՝ յիշեցնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող ամերիկացի պաշտօնատարներուն, ներառեալ նոյնինքն Հիլըրի Քլինթընի՝ անցեալի յայտարարութիւնները, սակայն Քլինթըն նախընտրեց մնալ իր խուսափողական կեցուածքին վրայ: Քլինթըն անգամ մը եւս Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսելու ընթացքին զայն պարզապէս «ահաւոր դէպքեր» կոչած է, միաժամանակ կոչ ընելով Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իշխանութեանց, որ անոնց շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենան:
Շիֆ պատասխանած է, որ «սովորական բառերով չեմ կրնար բացատրել, թէ ձեր վերջին յայտարարութիւնը որքա՛ն վիշտ պատճառեց Ամերիկայի հայ համայնքին եւ մարդկային իրաւանց շարժման գործիչներուն»։

Շիֆի հարցապնդումը կարելի է դիտել http://youtu.be/-ZtcdoqQU-4 կայքէջին վրայ:
Քոնկրեսականներ Ճես Ճեքսըն եւ Սթիւ Ռաթմըն երկրորդած են Շիֆի խօսքերը:
Այս շաբթուան ընթացքին Քլինթընէն Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչումը պահանջող նամակ մը ստորագրած էին աւելի քան 60 քոնկրեսականներ:
Իր կարգին, Պրետ Շըրմըն շեշտը դրաւ Ջաւախքի հայութեան օժանդակութիւն տրամադրելու կարեւորութեան վրայ՝ յիշեցնելով Քլինթընին, որ Ուաշինկթըն առատաձեռն օժանդակութիւն կը տրամադրէ Վրաստանի իշխանութեանց:
Նաեւ, Տէյվիտ Սիսըլին իրեն վերապահուած ժամանակին մէկ մասը յատկացուց Թուրքիայէն՝ քրիստոնեաներէ գրաւուած եկեղեցիներուն ու եկեղեցական կալուածներուն վերադարձը պահանջող բանաձեւին իրագործումը ապահովելու աշխատանքներուն:
Շարք մը քոնկրեսականներ նաեւ գրաւոր հարցումներ ներկայացուցած են Քլինթընի:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան դրուատեց հայութիւնը յուզող հարցերը լուսարձակի տակ առած բոլոր քոնկրեսականները եւ ակնարկելով Քլինթընի կեցուածքին՝ աւելցուց. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած յանցանք է, որուն համար միջազգային արդարութիւն կը պահանջուի. անիկա միջնորդութեան կարիք ունեցող երկկողմանի հակամարտութիւն չէ։

Իսկապէս տխուր է տեսնել Հիլըրի Քլինթընը, որ Թուրքիոյ ճնշումին տակ կը ստիպուի ճշմարտութեան շուրջ դառնալ եւ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ բառախաղերու դիմել»։