ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ
Հրապարակային զեկուցումներով մեր իրագործումներու, ծրագիրներու ու առաջադրանքներու մասին կը ստեղծուին յաճախակի առիթներ, որոնց շնորհիւ հարազատ ու անկեղծ շփում կը ստեղծուի մեր

կազմակերպութեան եւ ժողովուրդին միջեւ: Մենք մեր գործունէութեան, յաղթանակներու կարեւոր տոկոսը պիտի չկարենայինք իրականացնել, եթէ չունենայինք ժողովուրդին հետ այս անմիջական շփումը։
Գիտենք, որ ունինք ժողովրդային այն կայուն յենարանը, որ տկարութիւն չի ճանչնար, որ իր ազգային երազներու իրականացումը կը տեսնէ Դաշնակցութեան գործին մէջ։
Փաստօրէն, հակառակ վերջին տարիներու տնտեսական ծանր տագնապին, մենք երբեք առանձին չզգացինք մենք մեզ. միշտ պատասխան ստացանք՝ երբ դիմեցինք ձեզի. նոյնիսկ ձեզմէ շատերը, իրենք մօտեցան՝ ըսելով. «Մենք հոս ենք, նոյնիսկ եթէ նեղ օրերու մէջ ենք, ի՞նչ կարելի է ընել»։
Այսօրուան պատկերը փաստն է այդ իրողութեան, որուն համար կ՛ուզենք արձանագրել գնահատանքի ու շնորհակալութեան մեր ջերմ խօսքերը։
Յատուկ շնորհակալութիւններ կը յայտնենք տէր եւ տիկին Չարլի եւ Ճուլիա Չալեաններուն, ինչպէս նաեւ Վարդանեան-Թօփալեան հիմնարկին։
Յատուկ շնորհակալութեան խօսք կը յայտնենք սիրելի տէր եւ տիկին Հերի եւ Շերըլ Նաճարեաններուն՝ իրենց շօշափելի նուիրատուութեան համար, ինչ որ արդէն օրինակելի սովորութեան վերածուած է։
Երախտագիտութեան առանձին խօսք ունինք տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններուն, ձեռնարկի հիւրընկալութեան բոլոր ծախսերը յանձն առնելու համար։ Սիրելի՛ Վարանդ եւ Հուրի, Դաշնակցութեան նկատմամբ ձեր մշտական նուիրաբերումը իւրայատուկ երեւոյթ է, որուն համար ընդունեցէք մեր կրկնակի շնորհակալութիւնը եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւնները։
Շատ լաւ գիտէք կազմակերպութեան գործին տարողութիւնը, որուն սահմանները կը սկսին ու կը վերջանան հոն, ուր կը սկսին ու կը վերջանան հայութեան շահերը։ Բայց հաւանաբար ձեզմէ շատերը զարմանան, եթէ տեսնեն, թէ այդ հսկայական գործը կը տարուի պիւտճէական սահմանափակ միջոցներով՝ տասնապատիկ փոքր համեմատութեամբ։
Դաշնակցութեան մէջ ամէն մէկ տոլարը, նուազագոյնը՝ տասը տոլարի արժէքի կը վերածուի գործի ընթացքին։
Գաղտնիքը կը կայանայ նուիրումի եւ զոհողութեան երեւոյթին մէջ, որ կը զանցէ թուաբանական օրէնքները ու ընդունուած որեւէ տրամաբանութիւն:
Եթէ Դաշնակցութիւնը գերակշիռ ներկայութիւն եղած է եւ է՛ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ապա այդ մէկը գործի ճամբով մրցակցութեան արդիւնքն է։ Եթէ մեր ժողովուրդի զաւակները մեր շուրջը կը հաւաքուին, այդ մէկը կրնայ անպայման հիմնուած չըլլալ գաղափարակից համոզումներու վրայ, բայց վստահօրէն հոն տեղ ունի մեր նուիրեալ աշխատանքի հանդէպ հաւատքը։
Եւ այնպէս չէ, որ մեր գործը միշտ կատարեալ եղած է։ Ո՛չ։ Վրիպումները անոնց համար են, որոնք կը գործեն, մանաւանդ՝ երբ կը գործեն անդադար։
Կ՛ուզեմ նաեւ անդրադառնալ այլ պարագայի մը։
Երբեմն մեզի հարց կը տրուի, թէ ինչո՞ւ համար միշտ խստապահանջ ենք, մանաւանդ՝ երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանի, կամ նոյնինքն Սփիւռքին։
Հոս ես հարց կ՛ուզեմ տալ բոլորիս։ Արդեօ՞ք մենք մեր զաւակներուն դաստիարակութեան ճամբուն վրայ խիստ ու պահանջատէր պիտի չըլլայինք՝ լաւագոյնը պիտի չուզէինք անոնց համար։ Պատասխանը յստակ է։ Նո՛յնն է պարագան մեզի համար, երբ հարցը կը վերաբերի մեր ժողովուրդին, ո՛չ միայն Հայաստանի կապուած, այլ նաեւ՝ ամբողջ Սփիւռքի տարածքին։
Մենք չենք կրնար վերանկախացած մեր մանուկ հայրենիքին սխալները չտեսնելով՝ խօսիլ միայն գեղեցիկին մասին։ Կը գնահատենք ճիշդը ու կը քաջալերենք, բայց չենք կրնար տարուիլ միայն ատով, եթէ տակաւին շա՜տ ընելիքներ կան ոտքի պահելու եւ զօրացնելու մեր պետականութիւնը։ Նոյն մօտեցումը ունինք Սփիւռքին նկատմամբ:
Լաւագոյնին ձգտելու մեր ճիգին մէջ, մենք նոյնիսկ չենք խնայեր մենք մեզի, մեր ընկերներուն կամ մեր երիտասարդութեան։
Մենք նաեւ կը սպասենք, որ դուք՝ մեր մեծ ընտանիքի անդամները, խստապահանջ ըլլաք մեզի նկատմամբ, եւ ճիշդը ըսէք, առաջարկեցէ՛ք ձեր կարծիքով աւելի լաւ ձեւերն ու ճանապարհները, որովհետեւ իւրաքանչիւրս ընելիք ունի մեր ժողովուրդին համար, բոլորիս գործը համահաւասար արժէք ու կարեւորութին ունի եւ միմիայն մեր հաւաքական աշխատանքով է, որ պիտի կարենանք իրականացնել մեր երազը: