
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- «Ատրպէյճան թաքուն կերպով Միացեալ Նահանգներուն եւ Իսրայէլին հետախուզական տուեալներ կը մատակարարէ՝ Իրանի հիւլէական ծրագիրին մասին», կը գրէ աւագ գիտաշխատող Ռիչըրտ Վայցի, «World Politics Review»ի մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ: Ան կը գրէ, թէ Պաքու նաեւ երաշխիքներ տուած է անցեալ ամիս Ատրպէյճան այցելած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպընի, թէ Իրանի հարցով՝ Ատրպէյճան կ՛աջակցի Ուաշինկթընին: Վայց նաեւ կը նշէ, թէ Պաքու կը նպաստէ Իրանն ու Ռուսիան սանձելու Ուաշինկթընի ջանքերուն: