ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթը անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան սահմանափակումներուն՝ նշելով, թէ երկրին մէջ ներկայիս բանտարկուած կը մնայ մօտաւորապէս 100 լրագրող: Թերթը կը նշէ, թէ այս լրագրողները կը դատուին ոչ թէ լրագրութեան, այլ «ահաբեկչութեան» կամ այլ յանցանքներու ամբաստանութեամբ: «Որոշ իրաւաբաններ եւ քաղաքական գործիչներ կը պաշտպանեն այն կարծիքը, որ որոշ լրագրութիւններ կրնան ահաբեկչութիւն նկատուիլ, ինչ որ խոտոր կը համեմատի արտայայտուելու տարրական ազատութեան սկզբունքներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.