
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն ընթացքին, նախորդ տարուան համեմատ՝ 5.8 տոկոսով նուազեցուցած է քարիւղի արտադրութեան ծաւալը:
Ըստ ատրպեճանական լրատուամիջոցներու, առաջին երկու ամիսներուն ընթացքին արտադրուած է 7.5 միլիոն թոն քարիւղ, ինչ որ 436 հազար թոնով նուազ է անցեալ տարուան տուեալէն: 2010ի տուեալներուն համեմատ, Ատրպէյճան գրեթէ 10 տոկոս, կամ՝ 5.5 միլիոն թոն նուազ քարիւղ արտադրած էր 2011ին: