
Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի Ջաւախք հիմնադրամի յանձնախումբը կազմակերպած է տարեկան իր 8րդ կալա ընթրիք/նաւապտոյտը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 18 Մարտ 2012ին, Electra Crystal/Eternity զբօսանաւուն վրայ: Եզակի այս նախաձեռնութիւնը գեղեցիկ առիթ մը պիտի հանդիսանայ համախմբելու Ջաւախքի մէջ իրագործուող ՀՕՄի ծրագիրներու նեցուկ կանգնող նուիրատուները:
Ընթրիքին առընթեր, մասնակիցները պիտի վայելեն նաւապտոյտ մը Նիւփորթ Պիչի նաւահանգիստի շուրջ, երեկոյեան ժամը 4-10, վայելելով սիրուած արուեստագէտ Ներսիկ Իսպիրեանի հիասքանչ երգերը: Տոմսի սակը մէկ անձի համար՝ 150 տոլար:
Ամէն տարի, ՀՕՄի Ջաւախք հիմնադրամի յանձնախումբը զանազան ծրագիրներով օգտակար կը հանդիսանայ ջաւախքահայութեան: Տարեկան հանգանակային այս ձեռնարկէն անկախ, յանձնախումբը ամէն տարի գանձանակներ կը բաժնէ հայ աշակերտութեան, որոնք փոքր տարիքէն կը սորվին նուիրելու կարեւորութիւնը, նպաստելով կարօտեալներու համար կենսական ծրագիրներու իրագործման: ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը ներկայիս Ջաւախքի մէջ կը հովանաւորէ Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի երիտասարդական կեդրոնները, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան օգտակար հանդիսացող այլ ծրագիրներ, հրամցնելով անոնց լեզուի, երաժշտութեան եւ համկարգչային դասընթացքներ եւ վարժութիւններ:
Նաւուն վրայ տեղերը սահմանափակ ըլլալով, կը խնդրուի նախապէս ապահովել ձեր տոմսերը:
Տոմսերու եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի է կապ հաստատել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ, հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին կամ office@arswestusa.org ենամակի հասցէով: