ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ գործող «Նարեկացի» հայագիտական ամպիոնին, Երկուշաբթի, Մարտ 12ին, կ.ե. ժամը 4ին, հայերէնով գրելու հարցով քննարկում մը պիտի կայանայ, մասնակցութեամբ Փիթըր Պալաքեանի եւ Արտեմ Յարութիւնեանի:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ համալսարանի «Տատ» շէնքի թիւ 146 սրահին մէջ: