Շաբաթ Փետրուար 11ին, աւանդական գիտելիքներով լեցուն, օգտաշատ կարծիքներու փոխանակումով եւ ազգանուէր գործունէութեամբ բեղուն հաւաք մը ունեցանք ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնէն ներս, ուր 40ի շուրջ աշակերտներ եւ ուսանողներ ներկայ էին։ ՀԲԸՄ Երուանդ Պապայեան մանկավարժական հիմնարկի «Ազգանուիրում» ծրագիրի հաւաքներուն ընթացքին, աշակերտներ եւ ուսանողներ համախմբուելով՝ կարելիութիւնը կ՛ունենան հայ մշակոյթին մօտէն ծանօթանալու, իսկ խորհրդատուներու կողմէ աշակերտներուն կը փոխանցուի համալսարանական կարեւոր գիտելիքներ եւ խորհուրդներ։
Այս առումով, մեր Փետրուար 11ի հանդիպումը, իրեն մէջ կը պարբակէր բաւական ճոխ եւ հետաքրքրական թեմաներ։ Դոկտ. Սիլվա Գարայեան իր բարիգալուստի բացման խօսքին ընթացքին հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ իւրաքանչիւր թեմայի մասին՝ Տեառնընդառաջ, Ս. Սարգիս, Բարեկենդան եւ Վարդանանք, նաեւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը:
Այս անգամ հրաւիրուած էր համալսարանական Սարմէն Քէշիշեանը, որ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանէն շրջանաւարտ է եւ «Ազգանուիրում»ի խորհրդատու։ Իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելով՝ ան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղէն ստացած է Պսակաւոր արուեստից վկայականը եւ ներկայիս ուսումը կը շարունակէ Մագիստրոսի տիտղոսին տիրանալու համար: Սարմէն աշակերտներուն ներկայացուց քաղաքական գիտութիւնը իբրեւ մասնագիտութիւն ընտրելուն իր դրդապատճառները։ Սարմէնը, որ ներկայիս կ՛աշխատակցի նաեւ փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանի գրասենեակին մէջ, խանդավառութեամբ պատմեց ներկաներուն «Կեթի» թանգարանին դէմ բացուած դատին մանրամասնութիւնները եւ փոխանցեց հետաքրքրական տեղեկութիւններ՝ այս հարցին առնչութեամբ իր կատարած ուսումնասիրութիւններուն մասին։ Սարմէն մատնանշեց, որ իր հայկական դպրոց յաճախելն ու կանուխ տարիքէն հայկական հարցերով հետաքրքրուիլը անշուշտ յստակ կշիռք ունեցած են իր մասնագիտութեան ընտրութեան մէջ։ Անդրադառնալով իր աշակերտական տարիներուն՝ ան տեղեկացուց, որ մասնակցած է հայկական գրեթէ բոլոր ձեռնարկներուն՝ ասմունքի ելոյթներով եւ կամ որեւէ այլ ներկայացումով։ Քաջալերական էր լսել, թէ Սարմէն դերեր վերցուցած է ՀԲԸՄ Վահրամ Փափազեան թատերախումբի երեք ներկայացումներու մէջ։ Սարմէն իր հաղորդական ոճով եւ համոզիչ օրինակներով յաջողեցաւ աշակերտներուն փոխանցել ամէնէն կարեւոր պատգամներէն մէկը՝ մասնակցիլ եւ գործօն անդամ ըլլալ հայկական որեւէ միջոցառումի եւ հետեւիլ ու հետաքրքրուիլ հայկական հարցերով ու դատերով։
Ապա, Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեան իր դիւրահաղորդ ոճով կարեւոր գիտելիքներ փոխանցեց եւ բացատրութիւններ տուաւ Տեառնընդառաջի, Բարեկենդանի, Վարդանանցի եւ Սուրբ Սարգիսի տօնակատարութիւններուն մասին։ Տէր հօր պատրաստած գրաւոր տեղեկութիւնները եւ գիտելիքները մեծապէս գնահատուեցան բոլորին կողմէ:
Սեւան Տէր Պետրոսեանի խնամքով համադրուած տեսաերիզները՝ վերոնշեալ տօներուն մասին, շատ հետաքրքրական եւ շահեկան էին ու մեծապէս գնահատուեցան բոլորին կողմէ:
Գեղարուեստական ճոխ յայտագիրը ամբողջութեամբ նուիրուած էր օրուան թեմաներուն՝ աւելի եւս ամրապնդելով աշակերտներուն ստացած տեղեկութիւնները եւ ներշնչելով զանոնք։ Այսպէս, Վարդանանցի նուիրուած երկու բանաստեղծութիւններ խմբային արտասանեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանէն «Ազգանուիրում»ի մասնակցող վեց աշակերտներ։ Նոյն վարժարանի Է. եւ Ը. կարգի աշակերտուհիներէն Թալին Նազարեան, Քարոլին Մարտուրեան եւ Մեղեդի Մանոյեան արտասանեցին Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»ը, իսկ Ե. կարգէն Նարեկ Տատուրեան, Արթիւր Քէշիշեան ու Քաթիա Խանըլեան արտասանեցին Դերենիկ Դէմիրճեանի «Վարդանանք»ը։ Ապա, ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտներէն Էլիսըն Քէշիշեան, Տիոն Շաւերտեան եւ Արմանտ Երջանեան, ներկայացուցին Յովհաննէս Թումանեանի «Բարեկենդան» ներկայացումը։ Մեծապէս գնահատելի են հայագիտական նիւթերու վաստակաւոր դասատուներ Լիզա Մանոյեանի եւ Լօրա Գույումճեանի անխոնջ ջանքերը։
Հանդիպման աւարտին աշակերտները հիւրասիրուեցան մեր նուիրեալ ծնողներէն Անի Գազանճեանի պատրաստած աւանդական հատիկով, որ Բարեկենդանի առթիւ անպակաս կ՛ըլլար կարգ մը գաւառներու տօնախմբական սեղաններէն։ Ապա, խօսք առաւ դոկտ. Սիլվա Գարայեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ աշակերտներուն, ծնողներուն, հաւաքի ընթացքին խօսք առնողներուն եւ «Ազգանուիրում»ի յանձնախումբի բոլոր անդամներուն։
«Ազգանուիրում»ի հանդիպումները տեղի կ՛ունենան իւրաքանչիւր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը, ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնէն ներս, Փասատինա։ Սոյն հաւաքներուն կրնան մասնակցիլ Ե. կարգէն սկսեալ բոլոր աշակերտները:
(Թղթակցութիւնը՝ «Ազգանուիրում»էն)