Կիրակի, 5 Փետրուար 2012ն յատկանշական օր մը եղաւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի հայութեան եւ յատկապէս ՀՕՄուհիներուն համար: Նոյն օրը, յաւարտ Ս. պատարագի, Սրբոց Նահատակաց «Ֆերահեան» Ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, գեղեցիկ ձեռնարկով մը տօնախմբուեցաւ տեղւոյն «Անահիտ» մասնաճիւղի 53րդ տարեդարձը, որուն ընթացքին նաեւ 12 նորագիրներ միացան ՀՕՄի շարքերուն:
Ձեռնարկին ներկայ բազմաթիւ ՀՕՄուհիներու եւ համակիրներուն հետ, յատկանշական էր մասնակցութիւնը ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ «Անահիտ» մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամուհիներէն Անի Քէշիշեանին, Շրջանային վարչութեան անդամներ Արմենուհի Թովմասեանին եւ Լիզա Սանդիկեանին, շրջանի քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ բազմաթիւ հիւրերուն:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց մասնաճիւղի անդամուհիներէն Արուսեակ Մելքոնեանը, որ Մուշեղ Իշխանի «ՀՕՄի քայլերգ»ի առաջին քառեակի արտասանութեամբ ողջունեց ներկաները.
Մենք ուխտեալներ Հայ
Օգնութեան Սուրբ Գործին
Լոյսի բանակ եւ գթութեան
խաչուհի
Գոյամարտին մէջ Սրբազան
մեր դատին՝
Ձեզ կը բերենք Հայ Կնոջ
սիրտը ոսկի:
Ապա, ամփոփ կերպով ներկայացնելէ ետք 1958ին հիմնադրուած ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի պատմութիւնը, ընդգծեց անոր անձնազոհ անդամուհիներու նուիրական գործունէութիւնը հայ ազգին ու հայրենիքին հանդէպ:
«Այսօր, հաւաքուած ենք վերապրելու Անահիտ մասնաճիւղի 53 տարիներու պատմութիւնը, որուն էջերը կերտեցին նուիրումի ու հաւատքի ոգին ընդգրկող ՀՕՄի վաստակաւոր ընկերուհիները եւ այսպիսով պատիւը ընծայուեցաւ մեզի նաեւ, մաս կազմելու ազգասիրական եւ մարդասիրական ՀՕՄին՝ աւելի քան 100 տարիներու պատմութեան», շեշտեց ընկերուհին:
Այնուհետեւ սփռուեցաւ մասնաճիւղի պատմականն ու բեղուն գործունէութիւնը արտացոլող տեսաերիզ մը, որ մեծապէս ոգեւորեց ներկաները:
Մասնաճիւղի վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետուհի Մարի Փափազեանը, որ անդրադառնալով մասնաճիւղի ազգանպաստ գործունէութեան, հպարտութեամբ շեշտեց հայ պատանիին հայեցի դաստիարակութեան դարբնոց հանդիսացող Շաբաթօրեայ վարժարանի գոյութիւնը: Ան նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց մասնաճիւղը կանգուն պահող նուիրեալ անդամներուն՝ գնահատելով անոնց զոհողութիւնները, ինչպէս եւ ՀՕՄին հաւատք ընծայող համակիրներու զօրակցութիւնը:
«Իր հիմնադրութեան օրէն իսկ, Անահիտ մասնաճիւղը գործունէութեան կիզակէտ դարձցուց հայ նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւնը, որուն հարազատ վկան է մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանը: Մասնաճիւղը կը շարունակէ քալել իր հիմնադիրներու գծած ուղիով, շարունակելով անոնց բարի եւ մանաւանդ ազգապահպան գործերը», եզրակացուց Փափազեան:
Ատենապետուհիի ելոյթին յաջորդեց ձեռնարկի գլխաւոր առանցքը հանդիսացող երդման արարողութիւնը, որուն կնքամայրութիւնը վստահուած էր մասնաճիւղի երկար տարիներու նուիրեալ անդամուհի Տայան Ազիզեանին: 12 նորագիր հայուհիներ, ՀՕՄուհիի իրենց Ուխտը կատարելով՝ միացան «Անահիտ» մասնաճիւղի շարքերուն:
Ընկերուհի Ազիզեան, շնորհաւորելէ ետք նորագիրները, յիշեցուց անոնց, որ նոր պատասխանատուութիւն կը ստանձնեն՝ առանց տատամսումի իրագործելու ՀՕՄի հետապնդած նպատակները եւ ծառայելու մեր ազգին ու հայրենիքին եւ ոչինչ խնայելու ի խնդիր անոնց կարիքներու ապահովման:
Տօնախմբութեան վերջին բաժինով գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը: Շրջանի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը ներկայացուց հայկական գեղեցիկ պարեր, մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը արտասանեց եւ խմբերգեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ Որդոյն» բանաստեղծութիւնը, ղեկավարութեամբ՝ խմբավար Ալֆլեդ Մարտոյեանի, իսկ 10ամեայ Ալիք Մոմճեան նուագեց «Սուրերու պար»ն ու «Սուան Լէյք» երաժշտական կտորները: Բոլոր ելոյթ ունեցողներն ալ արժանացան ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյններուն:
Ձեռնարկի մասնակիցները անգամ մը եւս հաղորդուելով ՀՕՄի սրբազան գործունէութեամբ՝ գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, ՀՕՄի առաքելութեան հաւատարիմ մնալու ուխտով:
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԱԾ Է
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ