
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները իրենց վրայ հրաւիրած են նաեւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը։ Այդ մէկը նաեւ կ՛արտացոլայ Հայաստանի մէջ գործող դիւանագէտներուն եւ քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ կայացած հանդիպումներուն ընդմէջէն։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան եւ Հայ Դատի ու քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ նորանշանակ դեսպան Կատի Լիչի առաջարկով, դեսպանին ներկայացուցած են ո՛չ միայն կուսակցութեան դիրքորոշումները՝ ընտրական գործընթացին մասին, այլ նաեւ անդրադարձած են հայ-թրքական արձանագրութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններուն առնչուող վերջին զարգացումներուն:
Դաշնակցութիւնը սկիզբէն դէմ եղած էր արձանագրութիւններուն, բայց եւ այնպէս չի ժխտեր Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Կուսակցութեան համաձայն, այդ կապը պէտք է ըլլայ այնպէս, որ Հայաստան աւելի վատ կացութեան մէջ չըլլայ, քան ինչ որ է ներկայիս։ «Ակնյայտ է, որ մեր երկիրը որոշակի գին վճարելու է, իսկ արձանագրութիւններից չվերցնելով ստորագրութիւնը՝ այդ գինն աւելի է բարձրանալու», դիտել տուին Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները:
«Մինչեւ հիմա այս գործընթացի երաշխաւորը հանդիսացող միջազգային ուժերը Թուրքիայի պահուածքն արժանի քննադատութեան չեն ենթարկել», նշած է Վահան Յովհաննիսեան:
Ղարաբաղեան հարցին առնչութեամբ Վահան Յովհաննիսեան դեսպանին յիշեցուցած է Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը, ըստ որուն, Եւրոպական միութիւնը պէտք է ուղղակի առնչութիւն ունենայ տակաւին չճանչցուած հանրապետութիւններուն հետ. ան աւելցուցած է, որ կառոյցը պէտք է գործադրէ այդ բանաձեւը, բայց եւ այնպէս անիկա պէտք չէ փորձէ Մինսկի խումբի անդամ որեւէ երկիր այլ երկիրով փոխարինել՝ մեքենական կերպով։
«Ռոտացիոն կարգով՝ կը նշանակի կորցնել այն ամբողջ ժառանգականութիւնը, որ Մինսկի խումբը՝ որպէս ամենամասնագիտացուած քաղաքական կառոյց, կուտակել է 20 տարիների ընթացքում», ըսած է Յովհաննիսեան:
Բանակցութիւններու յաջողութեան առումով ան կարեւոր նկատած է Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին։
Վ. Յովհաննիսեան նաեւ խօսած է Հայաստանի ընտրական օրէնքին մասին՝ դիտել տալով, որ թէեւ բարելաւումներ կան, բայց տակաւին կան նաեւ թերութիւններ։ «Մենք չենք թաքցրել մեր դժգոհութիւնն ընտրական յանձնաժողովների ձեւաւորման նոր կարգից: Կան օրէնսդրական բացեր, որոնք կարող են նպաստել արատաւոր պրակտիայի շարունակութեանը», դիտել տուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:
Հանդիպման աւարտէն ետք Վահան Յովհաննիսեան նկատել տուած է, որ նորանշանակ դեսպանին համար կարեւոր էր ծանօթանալ յատկապէս ՀՅԴի տեսակէտներուն, քանի որ կուսակցութեան դիրքորոշումները՝ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն գծով, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, շատ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն միջազգային մակարդակի վրայ։
Եւրոպական միութեան քաղաքականութեան մէջ նկատելի փոփոխութիւններ կատարուած են եւ հայաստանեան քաղաքական ուժերու դիրքորշումները շատ կարեւոր են։