ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան եւ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Կարէն Կարապետեանի գրասենեակի տնօրէն Արտակ Ճաղարեան 14 Մարտին խումբ մը ուսանողներու տրամադրեցին նոյն քանակութեամբ նիւթական աջակցութիւն՝ իւրաքանչիւրին երկու հարիւր հազար դրամ։
Օժանդակութիւն ստացած աշակերտները æաւախքէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն են, անոնք ուսանած են հայաստանեան համալսարաններուն մէջ եւ բարձր յառաջդիմութիւն արձանագրած են։ Արմէն Աշոտեանի համաձայն, իրենք ուսանողներուն խրատած են ապագային եւս նոյն ձեւով սորվելու, որովհետեւ կրթութիւնն է ապագայի յաջողութիւններու բացարձակ նախապայմանը:
«Այնուհետեւ մենք կոչ ենք անում կրթութիւնն աւարտելուց յետոյ վերադառնալ Ջաւախք եւ Լեռնային Ղարաբաղ՝ շէնացնելու եւ զարգացնելու մայր հայրենիքի այդ հատուածները եւս», ըսած է կրթութեան նախարարը՝ խորհուրդ տալով տրամադրուած գումարը յատկացնել ուսման ծախսերուն, ինչպէս նաեւ գիրքերու եւ համակարգիչներու ձեռքբերման։
Արտակ Ճաղարեան նշեց, որ որեւէ երկրի զարգացման, մրցունակ տնտեսութեան ու առաւել եւս մրցունակ մարդուժ ունենալու նախապայմանը բարձրագոյն կրթութիւնն է: «Հասկանալի է, որ Կարէն եւ Սամուէլ Կարապետեանների ուշադրութիւնից չէր կարող դուրս մնալ կրթութեան ոլորտը: Մենք, ըստ էութեան, մեր լուման ենք ներդնում մեր երկրի եւ ժողովրդի ապագայի կերտման գործում», նշած է ան՝ յիշեցնելով, որ ծրագիրը ոչ թէ սոսկ աջակցութիւն է, այլ խրախուսանք, որպէսզի ուսանողները կատարեն ներկայիս առաքելութիւնը եւ դառնան բարձրաստիճան մասնագէտներ: