ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հովանաւորութեամբ Ալհասան պըն Թալալ իշխանին եւ կազմակերպութեամբ Արքայական Կրթական-կրօնական հաստատութեան, տեղի ունեցաւ Քրիստոնեայ-Իսլամ համագումար մը՝ «Քրիստոնէութիւնը Արեւելքի մէջ դէպի ո՞ւր» նիւթով, Ամմանի (Յորդանան) մէջ, 12-13 Մարտին:
Սոյն համագումարին հրաւիրուած էին Յորդանանէն, Պաղեստինէն, Եգիպտոսէն, Սուտանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն եւ Իրանէն սոյն նիւթին մասնագէտներ: Սոյն համագումարին հրաւիրուած էր նաեւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան՝ առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմին եւ ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Համագումարի պաշտօնական բացումէն առաջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ դասախօսներուն դռնփակ հանդիպումը, որմէ ետք՝ պաշտօնական բացումը համագումարին՝ ներկայութեամբ իշխան Ալհասան պըն Թալալին եւ մասնակցութեամբ աւելի քան 75 հրաւիրեալներու:
Համագումարին բացումը կատարեց տոքթ. Քամել Ապու Հապըր՝ տնօրէն Արքայական Կրթական-կրօնական հաստատութեան եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար, ապա խօսեցաւ Եուհաննա Իպրահիմ արքեպիսկոպոսը, որմէ ետք խօսք առաւ Ալհասան պըն Թալալ իշխանը, որ մեծապէս կարեւորեց սոյն համագումարին կազմակերպութիւնը. «Քրիստոնեաներուն բացակայութիւնը Միջին Արեւելքէն մեծ կորուստ պիտի ըլլայ նոյնինքն իսլամութեան համար», ըսաւ իշխանը եւ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն միասնաբար դիմագրաւելու դժուարութիւնները: Ան նաեւ թելադրեց, որ արաբ ղեկավարութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր քաղաքականութիւնը՝ քրիստոնեայ համայնքներուն գծով:
Երկու օրերու վրայ տարածուած համագումարին խօսք առնողներէն էր Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ ներկայացուց իր նիւթը՝ «Քրիստոնէութիւնը Իրանի մէջ, անցեալին եւ ներկային»: Համագումարին դասախօսները ներկայացուցին իրենց նիւթերը՝ իրենց երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած եւ ունեցող յեղափոխութիւններուն ու անոնց հետեւանքներուն մասին:
Համագումարին ընթացքին Սեպուհ սրբազանը առիթ ունեցաւ առանձնաբար խօսելու իշխանին հետ եւ անոր փոխանցելու Արամ Ա. կաթողիկոսին ողջոյնները: «Ես հիացած եմ Արամ Ա. կաթողիկոսին կատարած կրօնական գործով», ըսաւ իշխանը:
Ամման իր կեցութեան միջոցին, Սեպուհ սրբազան հանդիպեցաւ Երուսաղէմի պատրիարքական փոխանորդ Նուրհան արք. Մանուկեանի հետ եւ անոր փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները՝ ուղղուած Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան ու պատրիարքին: